Ազրպէյճանի Կեդրոնական դրամատունը երկրի չորս դրամատուներ առած է իր ուղիղ կառավարման տակ: «Արմէնփրես», վկայակոչելով Ազրպէյճանի Կեդրոնական դրամատան հրապարակած յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ «Աթապանք», «Էյ.Ճի.Պանք», «Էն.Պի.Սի. Պանք» եւ «Ամրահ Պանք» դրամատուներուն մէջ նշանակուած են ժամանակաւոր կառավարիչներ, որոնց փոխանցուած են կառավարման բոլոր լիազօրութիւնները:



