Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Վարչապետը «Քորոնա» Ժահրէն Ապաքինելէն Ետք Վերադարձաւ Աշխատանքի

April 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն վերադարձաւ Տաունինկ Սթրիթի մէջ գտնուող իր պաշտօնական նստավայր` «Քորոնա» ժահրէն ապաքինելէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Վարչապետի տեղակալին համաձայն` Պորիս Ճոնսընի` աւելի քան երեք շաբաթ անգործութենէն ետք աշխատանքի վերադառնալը «երկրին համար խթան պիտի հանդիսանայ»:

Յիշեցնենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետը 5 ապրիլին հիւանդանոց մուտք գործած էր եւ մէկ շաբաթ այդտեղ մնացած, ներառեալ երեք գիշեր վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը բրիտանական լրատուամիջոցներուն յղում կատարելով հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը Տաունինկ Սթրիթ վերադառնալէն ետք կրնայ նախապէս սահմանուած ժամկէտէն շուտ յայտարարել երկրին մէջ մեկուսացումի միջոցառումներու թուլացման մասին:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապ, որ Ճոնսընի բացակայութեան կատարած էր վարչապետի պարտականութիւնները, յայտնած էր առողջապահական մեկուսացումի միջոցառումներու մինչեւ 7 մայիս երկարաձգումը:

«7 մայիսը այն օրն է, երբ կառավարութիւնը օրէնքով պարտաւոր է վերատեսութեան ենթարկել մեկուսացումի միջոցառումները, սակայն Պորիսը կ’ուզէ սահմանափակումները աւելի կանուխ թուլացնել կամ առնուազն մինչ այդ բան մը յայտարարել», պարբերականներէն մէկուն յայտնած է Ճոնսընի կողմնակիցը:

Կը նշուի, որ մեկուսացումի դրութեան ջնջման փոխարէն բրիտանական կառավարութիւնը մտադիր է «փոփոխութեան ենթարկել» նախապէս հաստատուած միջոցները:

Նշենք, որ Ճոնսըն երէկ անցաւ աշխատանքի: Ան իր նստավայրին մէջ խօսք մը արտասանելով անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի բռնկման վտանգին, եթէ մեկուսացումի դրութիւնը շատ արագ վերցուի:

Բրիտանիոյ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բրիտանացիներուն այս օրերուն ցուցաբերած միասնականութեան եւ վճռականութեան համար եւ նշեց, որ Բրիտանիան ժահրի դէմ պայքարին մէջ մօտեցած է իր առջեւ դրուած խնդիրի` առողջապահութեան համակարգը չափազանց մեծ ծանրաբեռնուածութենէն պաշտպանելու իրականացման:

Ճոնսըն վստահեցուց, որ կը պատկերացնէ այն վնասը, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով կը ստանայ տնտեսութիւնը, սակայն ներկայ պարագային առաջնահերթ խնդիր է ամրապնդել ընդհանուր մեկուսացման նուաճումը եւ խուսափիլ հիւանդութեան երկրորդ բռնկումէն:

«Զսպեցէ՛ք ձեր անհամբերութիւնը», ըսաւ ան` խօսքը ուղղելով տնտեսական ոլորտի ներկայացուցիչներուն:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը գերազանցած է Չինաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը:

Ռուսիոյ մէջ արձանագրուած է վարակման 87.147 պարագայ, իսկ Չինաստանի մէջ այդ թիւը 82.830 է:

Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 6.198 եւ մահուան 47 պարագայ:

Չինաստանի առողջապահութեան պետական յանձնախումբը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան դրութեամբ Հուպէյ նահանգի եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի բռնկման կեդրոն նկատուող ատոր վարչական կեդրոն Ուհան քաղաքին մէջ ժահրով վարակման կամ մահուան որեւէ պարագայ չէ արձանագրուած:

Աւելի՛ն, մէկ օր առաջ Հուպէյի եւ Ուհանի հիւանդանոցներէն դուրս եկած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած վերջին 12 հիւանդները:

Չինաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին միայն երեք անձեր վարակուած են ժահրով: Մահացածներուն թիւը կը շարունակէ մնալ 4.633: Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 1.018 անձեր եւ 110 ուրիշներ մահացած: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 155.193-ի, իսկ մահացածներունը` 5.750-ի:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 2.357 անձեր եւ 99 ուրիշներ մահացած են: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 110.130-ի, իսկ մահացածներունը` 2.805-ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին մահացածներուն թիւը բարձրացած է 1.330-ով եւ հասած 54.841-ի: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 964.937-ի: Սպանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 1.831-ով, իսկ մահացածներունը` 331-ով:

Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 91.472-ի, իսկ մահացածներունը` 5.806-ի:

 

 

Նախորդը

Դամասկոսի Մերձակայքին Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Դրամատնային Համակարգին Մէջ Մեծ Ցնցում

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.