Ուրուկուէյի նախագահ Լուիս Լատալէ Փոուն Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով հետեւեալ գրառումը կատարեց «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Այսօր յիշատակութեան եւ ոգեկոչման օր է բոլոր հայերուն եւ ամբողջ մարդկութեան համար: Ամուր կը գրկեմ մեր երկրի ամբողջ հայ համայնքը, որ այնքան բան կատարած է արդարութեան հասնելու համար», գրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջինը ճանչցած երկրի նախագահը:
Իր աջակցութեան խօսքը յայտնած է նաեւ Ուրուկուէյի փոխնախագահ Պէաթրիս Արխիմոն` շեշտելով. «Այսօր արդարութեան պահանջը արդիական կը մնայ»: «Այս տարի կ՛ամբողջանայ նաեւ 55 տարին այն օրուընէ, երբ Ուրուկուէյ պաշտօնապէս ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը», ըսած է Արխիմոնը:



