Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի. Սաղաթէլեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Եւ Պահանջատիրութիւնը ՀՅԴ-ի Հիմնական Օրակարգային Հարցերից Են»

April 27, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ պահանջատիրութիւնը կը շարունակեն մնալ Դաշնակցութեան հիմնական օրակարգային հարցերուն առանցքը: Այս հաստատումը կատարեց  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 24 ապրիլին Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով ապրիլ 24-ին Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամները ծաղկեպսակ զետեղեցին Կոմիտասի շիրիմին եւ, ի դէմս անոր, խոնարհեցան Մեծ եղեռնի սրբադասուած նահատակներու յիշատակին առջեւ:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրի դերին ու իմաստին. «Վերջին տարիներուն կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկը նաեւ 2015-ին ընդունուած հռչակագիրն էր, որ Հայ դատի լուծման ուղղութեամբ համազգային ուժերը համախմբելու իմաստով շատ կարեւոր փաստաթուղթ է: Մեր պետութիւնը, կը կարծեմ, պէտք է հաւատարիմ մնայ այդ փաստաթուղթի տառին եւ ոգիին», հաստատեց Ի. Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը միշտ առաջին շարքերուն մէջ եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, վերականգնման եւ պահանջատիրութեան հարցը օրակարգի վրայ պահելու առումով:

Մեկնաբանելով օրեր առաջ «պահանջատիրութիւն» շեշտադրումը կարգախօսէն հանելու փորձերը` ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը նշեց. «Մենք շատ արագ արձագանգեցինք: Ատիկա մեզի համար անընդունելի, դատապարտելի երեւոյթ է: Պահանջատիրութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է ըլլան Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգի վրայ, եւ եթէ յայտնուի ոեւէ մէկը, որեւէ հիմնարկ, պաշտօնեայ, որ այս հարցը դնէ հարցականի տակ, մենք շատ կտրուկ պիտի արձագանգենք: Ասիկա մեզի համար սկզբունքային խնդիր է, եւ, կը կարծեմ, հայ ժողովուրդի պայքարի հետագայ շարունակականութեան իմաստով կարեւոր գրաւական է»:

Ի. Սաղաթէլեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ դատի աշխարհասփիւռ յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներուն` փաստելով, որ վերջիններս ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարեն հետեւողական աշխատանքներ` թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման, եւ թէ Արցախի եւ Հայաստանի շահերու հետապնդման առումով:

Եզրափակելով` ան նաեւ աւելցուց, որ քաղաքական կուսակցութիւններուն 24 ապրիլին պէտք է կարելութիւն տրուէր ծաղկեպսակ զետեղելու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ. «Մենք այսօր հոս ենք, քանի որ այդ կարելիութենէն զրկուած են քաղաքական կուսակցութիւնները, եւ միայն պետական պատուիրակութիւններուն ընձեռուած է այս առիթը: Մենք կը կարծենք, թէ, արտակարգ դրութեան կարգը պահելով, այսօր պէտք էր քաղաքական կուսակցութիւններուն այդ հնարաւորութիւնը տրուէր: Մենք ունէինք նախաձեռնութիւններու ծրագիր: Նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը  աւանդական «Ջահերով երթ»-ի խորհուրդը պահելու իմաստով ունէր փոքր ծրագիր, դժբախտաբար պարէտատունէն արձագանգներ չեղան, փորձ կատարուեցաւ կապ հաստատելու, սակայն չյաջողեցանք»:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Ոգեկոչման Արարողութիւն Սուրբ Էջմիածինի Մէջ

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան. «Ցեղասպանութիւնները Պէտք Է Անվերապահօրէն Ճանաչուեն Եւ Դատապարտուեն»

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.