Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գազիմ Գարապէքիր Եւ Հայ Որբերէ Կազմուած «Առողջ Երեխաներու Բանակը»

April 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գարապէքիրի աղջկանց դպրոցին մէջ

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անոր հետեւանքով հայ ժողովուրդը ունեցաւ որբերու հսկայ բանակ մը: Ստեղծուեցաւ «Հայ Որբաշխարհը»: Այս որբերէն շատերը զետեղուեցան թրքական որբանոցներու եւ թուրք ընտանիքներու մէջ: Անոնք մեծցան որպէս թուրք, սորուեցան թուրք լեզուն, կրօնքը եւ սովորութիւնները: Անոնք պարտադրաբար եւ բռնի ուժով իսլամացան եւ թրքացան ու կորսնցուցին իրենց հայկականութիւնը մնալով հեռու հայ ժողովուրդէն:

Հայոց Ցեղասպանութենէն 3-4 տարի ետք Հայ որբերու թրքացումի եւ իսլամացումի այլ կերպ մը որդեգրուած է Թուրք անուանի զինուորական եւ քաղաքական անձնաւորութեան մը՝ Գազիմ Գարապէքիրի կողմէ: Ան հազարաւոր Հայ որբեր, իբր թէ մարդասիրական միտումներով, առած է իր խնամատարութեան ներքեւ, ներմուծած է թրքական բանակ եւ թրքացուցած է զանոնք: Այս թրքացուած հայ որբերը դարձած են ծայրայեղ թուրքեր, ծառայած են թրքական բանակին մէջ եւ կռուած են հայկական բանակին դէմ 1920-ին հայ-թրքական պատերազմի ընթացքին:

Հայ որբերը թրքական բանակին մէջ

Գազիմ Գարապէքիր ծնած է 1882-ին Պոլիս: Ան եղած է թուրք հրամանատար Մեհմէթ Էմին Զէյրէք փաշային զաւակը: Հայրը ծառայած է երկար տարիներ թրքական բանակին մէջ եւ այդ պատճառով Գազէմ շրջագայած է հօրը հետ թուրքիոյ բոլոր շրջանները: Մեհմէթ Էմին  կը մահանայ Մեքքէի մէջ ուխտագնա-ցութեան ընթացքին: Հօրը մահէն ետք Գազիմ կը վերադառնայ մօրը հետ Պոլիս 1898-ին: Ան կը դառնայ կէս որբ:  Յաջորդ տարի կը մտնէ զինուորական դպրոց եւ կ’աւարտէ 1899-ին: Կը մասնագիտանայ Օսմանեան զինուորական կայսրութեան երրորդ զօրաբաժնին մէջ եւ կը դառնայ յաջող զինուորական ու կ’ունենայ աստիճանի բարձրացում: 1911-ին, Գազիմ ընտանիքին անունը կը փոխէ Զէյրէք-էն Գարապէքիրի: Ան կը մասնակցի Պալքանեան պատերազմին եւ կը ձեռբա-կալուի 1913-ին ու բանտարկուած կը մնայ 6 ամիս: Կալլիբոլի մէջ կը կռուի ֆրանսացիներուն դէմ: 1915-ին երկրորդ անգամ ըլլալով կ’ունենայ  զինուարա-կան աստիճանի բարձրացում եւ կը ղրկուի Իրաք: 1916-ին կը կռուի անգլեական ուժերուն դէմ եւ յաջորդ տարի կը գտնուի Տիարպէքիր, որպէս թրքական բանակին երկրորդ զօրաբաժնին հրամանատար: 1918-ին hայ եւ rուս միացեալ ուժերէն կը գրաւէ Էրզրումը եւ Երզնկան: Շուտով կը հասնի Ատրպէյճան ուրկէ կը հեռացնէ անգլիական ուժերը:

Հայ որբերը թրքական բանակին մէջ մարզանքի պահուն

Սեւրի դաշնագրին որպէս հետեւանք սուլթան Մեհմէթ Վահտէտտին կը հրահանգէ որ տեղի տայ եւ վերադառնայ: Սակայն կը մերժէ եւ կը մնայ հոն իր պաշտօնին գլուխը: 1920 սեպտեմբերին կը պատերազմի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան զօրքերուն դէմ եւ կը հասնի Սարըղամիշ ու կը գրաւէ զայն: Իր զօրքերուն հետ կը շարունակէ յառաջխաղացքը եւ կը հասնի Կարս 30 հոկտեմբերին: Ապա կը գրաւէ Աղեքսանտրապոլը 6 նոյմբեր 1920-ին: Կրակմար կը յայտարարուի 18 նոյեմբեր 1920-ին: Խաղաղութեան դաշինք կը կնքուի հայերու եւ թրքական ուժերու միջեւ Ալէքսանտրափոլի մէջ 23 դեկտեմբեր 1920-ին: Կը ստորագրեն ինք եւ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Ալէքսանտր Խատիսեան: Յաջորդ տարի 23 Հոկտեմբեր 1921-ին ռուսերուն հետ կը կնքէ Կարսի համաձայնութիւնը:

Բանակային հայ իսլամացած որբեր

Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք Գազիմ Գարապէքիր կը նշա-նակուի Թուրքիոյ արեւելեան շրջանի բանակին հրամանատար: Իր պաշտօնավայր Էրզրում (Կարին) երթալու ժամանակ կը հանդիպի հազարաւոր որբերու, որոնց  կ’առնէ  իր հոգատարութեան տակ: Այս ծնողազուրկ  երեխաներուն մէջ կ’ըլլան նաեւ հազարաւոր հայ որբեր: Ան կը հաւաքէ մօտաւորապէս վեց հազար Հայ որբեր՝ երկու հազար աղջիկ եւ չորս հազար մանչ:

Գազիմ Գարապէքիր Փաշա հայ որբերը թրքական բանակ կը ներմուծէ այն մտավախութեամբ, որ անոնք եթէ ազատ մեծնան օր մը թուրքերէն վրէժ լուծելու փորձ կրնան ընել: Ուստի հայ որբերը թրքական բանակ կը ներմուծէ հաւատալով, որ կամաց կամաց անոնք  կ’իսլամանան եւ կը լուծուին Թուրք ժողովուրդին մէջ:

Հայ որբերը բռնի ուժով կ’իսլամացուին եւ կը թրքացուին:  Տղաքը կը թլբատուին իսկ աղջիկները կը ղրկուին թրքական իգական յատուկ վարժարաններ: Հայ որբերուն հայկական անունները կը փոխուին թրքական անուններու եւ անոնց կը փոխանցուի «թրքականութեան գիտակցութիւն»՝ Հայ որբերը կը դառնան «կատարեալ» թուրքեր: Թրքական բանակ ներմուծուած հայ որբերը կը կոչուին «Առողջ երեխաներու բանակ»: Անոնցմէ յաջողակները հետագային կը ղրկուին Պրուսայի եւ Պոլսոյ զինուորական մասնագիտական դպրոցներ: Անոնք ապա-գային կը դառնան ծայրայեղ ազգայնամոլներ թրքական բանակին մէջ:

Գարապէքիր հայ իսլամացած որբերուն հետ

Գազիմ Գարապէքիրի հոգատարութեան տակ առնուած Հայ որբերը կը ստանան ընդհանրական ուսում եւ կատարեալ կը սորուին թրքերէն լեզուն: Անոնցմէ շատեր կը ստանան զինուորական եւ ռազմական կրթութիւն եւ ուսում, ինչպէս նաեւ սուսերամարտի եւ դահուկորդութեան դասեր: Ուրիշներ կը մասնագի-տանան արդիւնաբերական դպրոցին մէջ  մեքենագործութեան, մեքենաներու վերանորոգման, ոսկերչութեան, դերձակութեան եւ կօշկակարութեան մէջ:  Որբերուն մեծամասնութիւնը կը հետեւին զանազան տեսակի մարմնամարզանքի: Որբերէն մաս մը կը հետեւին երաժշտական դասընթացքներու: Անոնք կը սորվին տեսակաւոր նուագարաններ գործածել կը մասնակցին զինուո-րական  նուագախումբերու: Հայ որբերը կը սորվին թրքերէն բանակային երգ մը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը հետեւեալն է՝

«Անոր (թուրք զինուորին) բազուկները երկաթի նման են, անոր ոտքերը անագապղինձի նման են, կարելի՞ է թուրքերը պարտութեան մատնուիլ.
Թուրքը տեղի չի տար, Թուրքը տեղի չի տար, նոյն իսկ եթէ աշխարհը կործանի.
Թուրքին սիրտը հաւատքով լեցուն է, անոր խիղճը մաքուր է, Թուրքը կրնա՞յ պարտուիլ.
Նոյն իսկ եթէ Թուրքը թշնամիներով շրջապատուած մնայ, ան կրնա՞յ պար-տուիլ»:

    Թուրք բանակային Հայ որբերը 1920-ին մաս կը կազմեն թրքական բանակին հայերուն դէմ մղած պատերազմին: 1920-ի սեպտեմբերի 26-ին Գարապէքիր Սարըղամիշի մէջ զօրաշարժի կ’ենթարկէ նաեւ «Առողջ Հայ պատանիների բանակը»: Ան կը մտադրէ Սարըղամիշը դարձնել «երեխաների գիւղաքաղաք»: Այս երեխաներուն համար քաղաքին մէջ կը բանայ բժշկական եւ ռազմական միջնակարգ դպրոց, ուր մանկաբարձութեան, ատամնաբուժութեան, ելեկտրականութեան եւ լուսանկարչութեան դասընթացքներ կը դասաւանդուին:

Գազիմ Գարապէքիր օր մը ըսած է՝ «Ես գիտցած եմ որբի հոգեբանութիւնը եւ որբութեան  ողբերգութիւնը», այդ պատճառով ես հայ որբերը շատ կը սիրեմ եւ զիրենք իմ հոգատարութեանս տակ առի, ես անոնց հայրիկն եմ»:

Բանակային Հայ որբերը Գազիմ Գարապէքիրի կը նուիրեն իրենց պատրաս-տած «Հայ որբերուն հայրիկին» դիմանկարը:

Գազիմ Գարապէքիր 1923-էն ետք կ’ունենայ  քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն եւ կը մտնէ թրքական խորհրդարան ու կը վարէ անոր նախա-գահութիւնը երկար տարիներ:  Ան կը մահանայ Անգարա Յունուար 27, 1948-ին: Իր մահէն ետք Պոլսոյ իր տունը կը վերածուի թանգարանի:

Մոնրէալ

 

Աղբիւրներ

  1. Այշէ Հիւր, Միութիւն Եւ Առաջադիմութիւն Կուսակցութեան Ու Քեազիմ Քարապեքիրի Երեխայ Զինուորները, Քեազիմ Քարապեքիրի «Կիւրպիւզլեր» Բանակը, (Առոյգ Պատանիների Բանակը), «Ռատիքալ», թարգմանեց՝ Անահիտ գարտաշեան, «Ակունք», 06/24/14
  2. 2. Bugün Daily Newspaper, Anadolu Agency, Kazim Karabekir’s Daughter Pleased Armenian Orphans, 26 december, 2007
  3. Leadhead, Phd, Kazim Karabekir House Museum, May 1, 2018
  4. Ordudaki ermeni yetimler, Armenian orphans in Turlish army, Kazim Karabekir Pasha, November 2, 2018
  5. Raffi Bedrosian, Armenian weekly, March 19, 2018
  6. 6. Raffi Bedrosian, The Armenian Mirror-Spectator, May 7,
  7. Tatoul, Hagopian, Armenians and turks (book), the last Turkish Armenian war,1920
  8. 8. The Armenian Mirror-Spectator, Armenian orphans become a source of enriching genetic pool for Turkish nation, May 8, 2013.
  9. 9. Toronto Hye, Armenian boys who were orphaned conscripted into the Turkish army by Kazim KaraBekir, April 6, 2018.
  10. 10. soykirimgercegi.com

 

Նախորդը

Մեծ Եղեռն, Հայ Դատ Եւ Շատ Բաներ

Յաջորդը

Լեւոն Ճերմակեանն Ու «Ոսկեդար»-ը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.