ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Լուսին Գույումճեան
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Տաթեւ Գույումճեան եւ զաւակները` Քրիստոֆըր եւ Շանթ
Տիկին Թալին Գույումճեան եւ զաւակները` Ժիլտա եւ Սելին
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Շողեր Թազեան եւ զաւակը` Վրէժ
Տիկին Պերճուհի Գույումճեան եւ զաւակունք
Տիար Խաչիկ Գույումճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդան Գույումճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Սահակեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Խաչիկ Բանոյեանի ընտանիք
Տիկին Յասմիկ Քենտիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սագօ Սահակեան եւ զաւակը
Գասամանեան եւ Թազեան ընտանիքներ
Գույումճեան եւ Սահակեան ընտանիքներ
Քենտիրճեան եւ Բանոյեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, խնամիին եւ հարազատին`
ԿԱՐՊԻՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ (My Way)
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1945-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, իր բնակարանին մէջ, Այնճար:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 23 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Թաղումը պիտի կատարուի միայն ընտանիքի սեղմ թիւով անդամներու ներկայութեան: Երբ պայմանները արտօնեն, պիտի ճշդուի հոգեհանգիստի եւ ցաւակցութեան թուականը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին:
————————————-
ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ
ԳՄԳՄ-ի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2020-ի նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Մրցանակը կ՛ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր` առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:
Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը, հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է դատակազմին ամէնէն ուշը հասած ըլլան մինչեւ 30 ապրիլ 2020:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ դատակազմին մաս կը կազմեն տեարք Ժիրայր Դանիէլեան (ատենապետ), Կարօ Յովհաննէսեան, Յակոբ Պալեան, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան:
ԴԻՒԱՆ ԳՄԳՄ-Ի ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Հասցէ`
Armenian Catholicosate of Cilicia
P. O. Box 70317
Antelias – Lebanon
E-Mail: [email protected]
Խնդրանք.- Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել:
————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Սէրուժ Ազնաւուրեան իր մեծ հօր` Սարգիս Ազնաւուրեանի յիշատակին կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը` 750.000 լիբ. ոսկիով:
(23 ապրիլ 2020)


