Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաճարակին Քաղաքական Հետեւանքը

April 22, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը կը շարունակէ գործել իր աւերը, որ առաւել նշանակալից քաղաքական հետեւանք պիտի ունենայ արեւմտեան, մասնաւորաբար եւրոպական երկիրներու համար։

«Աներեւոյթ թշնամին» Արեւմտեան Եւրոպայի շարք մը երկիրներու մէջ իսկական ջարդ է, որ կը գործէ՝ օրական հնձելով բազմահազար քաղաքացիներու կեանքերը։ Կացութիւնը այնքան վատ է, որ երկիրի մը մէջ առօրեայ մահացածներուն թիւը 800-էն 500-ի սահմաններ նուազիլը կը շեփորուի իբրեւ դրական զարգացում մը՝ մոռնալով այն իրողութիւնը, թէ խօսքը թիւերու մասին չէ, այլ մարդոց, կորսուած կեանքերու։ Ինչպէ՞ս կարելի է այդ նուազումը ծափողջոյններով դիմաւորել, երբ մարդկային ողբերգութենէն ու անոր տարողութենէն ոչինչ կը փոխէ։

Բոլորը կը սպասեն «զերօ ժամին»՝ բնականոն կեանքի վերականգնումին։ Այդ «բնականոն»¬ը, սակայն, պիտի չըլլայ զերօ կէտ վերադարձ մը, որովհետեւ յետհամաճարակեան աշխարհը տարբեր պիտի ըլլայ նախահամաճարակեան աշխարհէն։ Հոնկ Քոնկի մէջ կրաֆիթի մը դիպուկ կերպով կը նշէր .«Բնականոնին վերադարձ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ բնականոնը ինքնին խնդիրն էր»։

Ժահրը աշխարհի վրայ այսքան արագ տարածուեցաւ համաշխարհայնացումին ու բաց սահմաններու ամբողջ համակարգին ստեղծած «բարենպաստ» պայմաններուն շնորհիւ, եւ յաջողեցաւ այսքան կեանքեր խլել, որովհետեւ պետութիւններ,  այդ գաղափարները կրող ու այդ քաղաքականութիւնը կիրարկող իրերայաջորդ ղեկավարներ տասնամեակներ շարունակ առաջնահերթ նկատեցին տնտեսութիւնն ու անոր զարգացումը, իսկ իրենց երկրին առողջապահական համակարգը նկատեցին երկրորդական կամ երրորդական. իբրեւ հետեւանք ատիկա անկարող դարձաւ դիմագրաւելու ներկայ մարտահրաւէրը։

Գերմանիոյ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան   արտաքին գործոց նախկին նախարար Սիկմար Կապրիել ցաւ յայտնեց, որ իրենք 30 տարի արհամարհած են պետութիւնը, եւ նախատեսեց, որ յաջորդ սերունդը համաշխարհայնացումի նկատմամբ նոյնքան պարզամիտ պիտի չըլլայ։ Ծունկ ծեծելը, սակայն, արդէն անօգուտ է եւ ժամանակի կորուստ։ Այժմ բոլորը, բնականաբար, դաս պիտի քաղեն պատահածէն։

Ներկայ համակարգը, համարկումի քաղաքականութիւնն ու անդրազգային մարմինները չկրցան պաշտպանել քաղաքացիները, ընդհակառակը վտանգեցին զիրենք՝ նպաստելով «Քորոնա» ժահրին հեռաւոր Չինաստանի մէջ իր օճախէն արագօրէն Եւրոպա հասնելուն ու իրենց երկիրներուն մէջ տարածուելով աւերներ գործելուն։ Աւելի՛ն, անոնք նոյնիսկ չկրցան արագօրէն հակազդել՝ իւրաքանչիւր երկիր «աներեւոյթ թշնամի»¬ին դէմ պատերազմին մէջ ձգելով միայնակ։

Այդ բոլորը ստեղծեցին անվստահութեան եւ յուսախաբութեան մթնոլորտ մը, որուն պատճառով իսկ յետհամաճարակեան հանգրուանին ականատես պիտի դառնանք Եւրոպայի մէջ ազգ-պետութեան գաղափարին յաղթական վերադարձին, ազգային արժէքներու վերածնունդին եւ զուգահեռաբար Եւրոպական Միութեան ու անոր ներկայացուցած արժեհամակարգին հակադրուած ալիքին հզօրացման եւ այդ թեզը որդեգրած քաղաքական ուժերու վերելքին։ Աշխարհի տարածքին այս համաճարակէն ամէնէն շատ վնասուած Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփէ Քոնթէն ի զուր չէր, որ զգուշացուց. «Պէտք է խուսափինք, որ Եւրոպան ցաւոտ որոշումներ տայ: Եթէ Եւրոպան չփաստէ, որ այս աննախադէպ մարտահրաւէրին մակարդակին է, ապա ամբողջ եւրոպական պլոքը, մեր քաղաքացիներու աչքին, կրնայ կորսնցնել իր գոյութեան պատճառը»։

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը որքան կը հեռանայ այդ որոշումներուն պահը նոյնքան կը մօտենայ։

 

 

Նախորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ Ազրպէյճանի Անօդաչու Սարք Մը Վար Առաւ

Յաջորդը

Մնացականեանը, Մամետիարովն Ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Միացեալ Յայտարարութիւն Ընդունած

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.