Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

April 22, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոն իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ` Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու այս փուլին մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի այսօրուան արտայայտած մօտեցումներուն առնչութեամբ: ՀՅԴ Բիւրոն նաեւ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի այդ յայտարարութիւնը կատարուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու առցանց հանդիպումէն ժամեր առաջ:

Որեւէ լուծման բանաձեւի մէջ առաջնայինը պէտք է ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը, իսկ կողմերուն միջեւ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է ըլլայ համարժէք եւ միաժամանակեայ:

Ուղղակի անհրաժեշտութիւն է յստակ հայեցակարգի վրայ հիմնուած աշխատանքներու իրականացումը, որուն կարգին Արցախի Հանրապետութեան հետ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական համագործակցութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ աշխուժ քայլերու ձեռնարկումը:

Կ՛ակնկալենք ու կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն բանակցային գործընթացին մէջ առաջնորդուիլ Արցախի ժողովուրդի 1991-ի անկախութեան եւ հետագայ  սահմանադրական հանրաքուէներով արդէն իսկ կայացած կամարտայայտութեամբ:

Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են պաշտօնապէս յայտարարելու, որ սեղանին չկայ հակամարտութեան փուլային կարգաւորում ենթադրող փաստաթուղթ, եւ որ Հայաստանը զայն ստորագրելու արտաքին ճնշումներու ենթակայ չէ:

Միաժամանակ, հարկ կը նկատենք արձանագրել, որ արտաքին ճնշումներուն դիմակայելու միակ միջոցը համազգային համերաշխութիւնն է, որուն ստեղծման գլխաւոր պատասխանատուն Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններն են. Արցախի տագնապին մէջ, բոլո՛րս, ազգովին պատասխանատուութիւն եւ ընելիք ունինք:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

21 ապրիլ 2020

 

 

Նախորդը

Մնացականեանը, Մամետիարովն Ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Միացեալ Յայտարարութիւն Ընդունած

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Առաջին կարգի վկայի ճանաչում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.