Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Շարունակէ Մերժողականութեան Իր Դաւերը՝ Գործի Լծելով Նոր «Դաշնակիցները»

April 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս օրերուն՝ երբ մեր երկրագունդի գրեթէ բոլոր հզօր տէրութիւնները, երկիրներն ու կառավարութիւնները ճանչցած են Հայոց Մեծ Եղեռնը՝ Թուրքիա կը շարունակէ իր նոր դաւերն ու մերժողականութեան ցաւալի դիրքորոշումները որդեգրել ամէնուրեք։ «Նէօ-Օսմանականութեան» ինքնակոչ Սուլթան Էրտողանի գործունէութեան թիրախը այս անգամ Ուքրանիան է, ուր գոյութիւն ունեցած է հայկական հազարամեայ գաղթօճախ, պատմական բազմաթիւ յուշարձաններով եւ ծաղկուն գործունէութեամբ մայրաքաղաք Քիեւի, Լուհանսքի, Լվովի, Խարքովի, Օտեսայի եւ այլ ոստաններուն մէջ։ Մանաւանդ որ, հազարաւոր հայ մարտիկներ, խորհրդային բանակի շարքերէն, Թամանեան զօրախումբէն, իրենց կեանքը կորսնցուցին Հիթլէրական հրոսակներէն ազատագրելու համար Ուքրանիան։

Այսօր, ինչպէս Համաշխարհային Բ. Պատերազմի տարիներուն՝ Խրիմի թաթարները թիկունքէն հարուածեցին զօրավար Վասիլեանի զօրքերը, Հիթլէրի եւ աթաթուրքեան Իսմէթ Ինէօնիւական Թուրքիոյ դրդումներով եւ ծրագիրներով՝ պատերազմէն ետք ամբողջ ցեղախումբերով աքսորուելով որպէս պատիժ դէպի իրենց «ծննդավայրը» Ալթոյ եւ կեդրոնական Ասիա, ապա եւ Էրտողանեան Թուրքիա, իր քաղաքականութիւնը հիմնած է այսօր, Ուքրանիա վերադարձած թաթարներու եւ պանտերական հրոսակներու  յետնորդները ֆինանսաւորելու, զինուորագրելու միջազգային ահաբեկչութեան «Նէօ- ենիչերիական» շարքերուն մէջ։ Անոնցմէ շատեր նոր կոտորածներ եւ աւերածութիւններ կազմակերպեցին հիւսիսային Սուրիոյ թէ Իրաքի մէջ, ոմանք ալ որպէս ազրպէյճանցի վարձկան՝ մասնակցեցան 2016 թ-ի Ապրիլեան պատերազմին՝ որպէս նախայարձակներ Արցախի եւ Հայաստանի ռազմական դիրքերուն դէմ…։

Մերօրեայ ինքնահռչակ Սուլթան Էրտողան, Ուքրանիոյ նախագահներ, Փորոշենքոյի եւ Զելենսքիի հետ ուղղակի թէ անուղղակի հանդիպումներու ընթացքին տնտեսական եւ ռազմական պարարտ օգնութիւններ խոստացած է, պահանջելով որ անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին պատմական իրողութիւնը պաշտօնապէս ժխտեն։ Փոխարէնը՝ տնտեսական սուր ճգնաժամի մէջ գտնուող Ուքրանիոյ 130 միլիոն ռազմական օգնութիւն փոխանցելով եւ Լիբանանի թէ Եգէականի բնական կազի ընդծովեայ պաշարները Թուրքիոյ վրայով Ուքրանիա-Եւրոպա «փոխանցելու» (ազրպէյճանական կազին հետ) փայլփլուն խոստումներով։ Ապա, Սուրիոյ մէջ, որ վերջերս պետական մակարդակով ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական եղելութիւնը, Տէր-Զօրի, Մէմպիժի, Ռաս-էլ-Այնի եւ այլ տարածքներուն վրայ՝ թուրք երիտ. թրքական արիւնարբու  ոճրագործներուն կողմէ՝ դարձեալ անվերջ ռազմական գործողութիւններով, ռմբահարումներով անկայունացնել երկիրը։ Էրտողանի վարչակարգին կատաղութիւնը չափ ու սահման չունէր 2020 թ-ի Փետրուարի 2-ին երբ 167 թուրք զինուորներ եւ նոյնքան ալ վարձկաններ սպաննուեցան Սուրիոյ եւ Ռուսական օդուժի, հրթիռային համակարգերու հարուածներէն։ Սպառնալիքներէն գործի անցնելով, Էրտողանի ռազմական պատուիրակները, անմիջապէս ուղարկուեցան Ուքրանիա եւ Ազրպէյճան, օգնելու իրենց «նորագիր» դաշնակիցներ Ուքրանացի եւ թաթար հրոսակներուն, ինչպէս նաեւ ազերի ցեղասպաններուն, նոր գործողութիւններ ձեռնարկել Խրիմի թէ Արցախի դէմ։

Ցաւալին այն է, որ Հայաստանի թէ «ներքին Սփիւռքի» պայծառափայլ պետական այրեր եւ «ժողովրդավարութեան» մարմաջէ տառապողներ, կը շարունակեն սերտ յարաբերութիւններ պահպանել  սիոնամէտ եւ թրքամէտ մերօրեայ Ուքրանիոյ ղեկավարութեան հետ։ Փորձելով Ուքրանիոյ ,Մեյտանե-ական գաղափարներն ու ,նուաճումեները գործածել նաեւ Հայաստանի հողին վրայ, վտանգաւոր իրավիճակի մէջ ձգելով թշնամիներով շրջապատուած Մայր հայրենիքը։ Այո, աւելի քան դար մը յետոյ, կոտորածներ, ցեղասպանութիւններ, տարագրութիւններ տեղի ունեցան, ինչպէս 1915, այնպէս ալ 2015, 2016, 2017 … մինչեւ այսօր ցեղասպան թուրքին եւ իր վարձկան՝ «ՏԱՀԷՇ»ականներու, թաթարներու թէ ույկուրներու կողմէ՝ Սուրիոյ թէ Արցախի, Արեւելեան Ուքրանիոյ երբեմնի հայաշատ տարածքներուն վրայ։ Նոյնիսկ Քորոնա ժահրի այս դժնդակ օրերուն, Թուրքիա նոր պատերազմներ կ’որոճայ Կիպրոսի թէ Յունաստանի դէմ՝ անպատիժ շարունակելով բազմատեսակ ոտնձգութիւնները։

Հարկաւոր է համընդհանուր ոյժերով, մեր բարեկամ եւ դաշնակից պետութիւններու օգնութեամբ, հայասէր ու մարդասէր անձանց օժանդակութեամբ, դիմակայել ահագնացող թրքական նորանոր վտանգներուն։

Պէյրութ

Նախորդը

Խուան Լափորթա Թեկնածու՝ Պարսելոնայի Նախագահական Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Առցանց Առաջին Լսարանը Կայացաւ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.