Պարսելոնայի նախկին նախագահ՝Խուան Լափորթա, անգամ մը եւս մտադիր է իր թեկնածութիւնը առաջադրել քաթալոնիական ակումբին նախագահական ընտրութիւններուն, այս մասին կը գրէ Goal կայքը:
Լափորթա վստահ է, որ պիտի յաջողի օգնել Պարսելոնային յաղթահարել իր դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամը եւ վերջնական լուծում մը գտնել ակումբէն ներս տեղի ունեցող պառակտումներուն:
Պարսելոնայի նոր նախագահի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այս տարի:
Ժոան Լապորթա Պարսայի նախագահ եղած է՝ 2003-2010 թուականներուն: Անոր հետ Պարսելոնա տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու:



