Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթոր Ռոբովթ Չորպաճեանի Յիշատակին (1934-2020)

April 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ-ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Անդամ` Լիբանանի Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկի
Վարչական մարմինի

Լիբանանի Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկութեան մէջ տարուած ծառայութիւններուն իրենց կարեւոր նպաստը բերած նուիրեալներու խումբին կարկառուն դէմքերէն` Տոքթ․ Ռոբովթ Չորպաճեանը իր պաշտօնավարութեան երկար տարիներու ընթացքին, նախ` իբրեւ Լիբանանի Վարչական մարմնի անդամ 1987-էն սկսեալ եւ ետքը` 2004էն-2014 (10 տարիներ) իբրեւ ատենապետ ծառայեց հաւատարմութեամբ ու քրիստոնէական բարձր սկզբունքներով: Ան ցուցաբերեց գործակցութեան սքանչելի ոգի թէ՛ հաստատութեան տնօրէններ վեր․ Ռոպէր Սարգիսեանի եւ Սերոբ Օհանեանի հետ, եւ թէ Վարչական մարմինի անդամ-անդամուհիներուն հետ` ստեղծելով դրական եւ կառուցողական մթնոլորտ, որ պատճառ հանդիսացաւ հաստատութեան ուռճացումին եւ բարգաւաճման:

Իր ատենապետութեան օրերուն էր, որ հաստատութիւնը հարկադրուեցաւ սուրիական պատերազմին պատճառած հայ գաղթականներուն հասցնել անհրաժեշտ օժանդակութիւն` ընկերային, տնտեսական եւ բժշկական մարզերուն մէջ: Գարակէօզեանի ծառայութեան կարիքը ունեցողներուն թիւը բազմապատկուեցաւ, եւ մեծ թիւով սուրիահայեր լաւագոյնս օգտուեցան ընձեռուած ծառայութիւններէն:

Դեկտեմբեր ամսուն տարեկան դրութեամբ տեղի ունեցող Գարակէօզեան ընտանիքի ննջեցեալներուն նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւններուն ծիրին մէջ տոքթ․ Չորպաճեան կ’արտայայտէր իր մտածումները` իր արտասանած խօսքին մէջ: Ան կը նշէր, որ մեր ունեցած նիւթական օրհնութենէն ուրիշին` կարօտեալին տալը, աստուածային պատուէր մըն էր` անդրադառնալով այն երեւոյթին, թէ ինչպէ՛ս Գարակէօզեան ընտանիքը իր զաւկին` Հաուըրտին կորուստը վերածեց հազարաւոր փոքրիկներու առողջութեան եւ զարգացման նուիրուած առաքելութեան, թէ Գարակէօզեանները հայ ժողովուրդին կտակեցին իրենց ամբողջ ունեցուածքը եւ իրենց վերջին ժառանգորդը` Լէյլան, տուաւ ինչ որ ունէր ու անձնապէս ապրեցաւ չափազանց համեստ կեանք մը: Տոքթ․Չորպաճեան կը ներկայացնէր հաստատութեան անձնակազմին եւ Վարչական մարմինին գործելաոճը` թէ անոնք ինչպէս կը ծառայեն հաւատարմութեամբ եւ բոլորին հանդէպ ցուցաբերուած անխտրական ոգիով: Ան կը շեշտէր, որ հաստատութեան դռները բաց պիտի մնան բոլոր անոնց համար, որոնք կարիքը ունին անոր ծառայութիւններուն: Ան կը հաւատար, որ բարերար ընտանիքին յիշատակը յաւերժացնող այս ձեռնարկը պիտի շարունակէ տակաւին երկար տարիներ ջերմ եռանդով, յարատեւ կամքով եւ անսասան հաւատքով:

Գարակէօզեան հաստատութեան` տոքթ․ Չորպաճեանի բերած նպաստը արժանի է յատուկ երախտագիտութեան եւ գնահատանքի: Անոր ցուցաբերած արդարամտութիւնը, անխտրականութիւնը, տկարին, հիւանդին, ծերին ու անկեալին հանդէպ ունեցած քրիստոնէական գութն ու բարձր ոգին պիտի ներշնչեն Գարակէօզեանի մեծ ընտանիքի բոլոր ծառայողները անխտիր` նոյն ոգիով շարունակելու իրենց առաքելութիւնը:

Եւ զուգադիպութիւն չէր, որ տոքթ․ Չորպաճեան իր հոգին աւանդեց Քրիստոսի հրաշափառ Ս․ Յարութեան օրը․ այդ մէկը ինքնին վկայութիւնն էր այս աշխարհի վրայ ապրած իր քրիստոնէական հաւատքին:

Տոքթ․ Չորպաճեան հեռացաւ մեզմէ` միանալու Գարակէօզեան ընտանիքի եւ վարչական կազմի նախկին անդամներուն ու տնօրէններուն: Վստահ ենք, որ ինք եւս արժանի եղաւ լսելու Տէրունական այն խօսքը, որ կ’ըսէ․- «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ․դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ․ մտի՛ր քու Տիրոջդ ուրախութեան մէջ»: (Մատ․25:21)

Խունկ ու աղօթք անոր յիշատակին:

Պէյրութ, 17 ապրիլ 2020

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանը

Յաջորդը

«Արամ Ա. Վեհափառին Խօսքն Ու Գործը Միշտ Յստակ Եղած Են». «Վեհափառ Հօր Մտածումները Քաղաքականացնելը Ճիշդ Չէ՛» Կը Հաստատէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Գրասենեակը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.