Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուեպինարին Նպատակն Է Աշխուժացնել Նախարարութեան Եւ Տարբեր Միութիւններուն Ու Ֆետերասիոններուն Միջեւ Գործակցութիւնը» Շեշտեց Նախարար Օհանեան – Գէորգեան

April 21, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, տեղի ունեցաւ Լիբանանի սկաուտական միութիւններու ներկայացուցիչներու ուեպինար մը, նիւթ ունենալով «Ղեկավարներուն հզօրացումը` մարտահրաւէրներու դիմակայումին մէջ»:

Ուեպինարը վարեց փորձագէտ Նատին Զէյնուն Խուրի, իսկ անոր մասնակցեցան «Սքութ տիւ Լիպան»-ի նախագահ Եուսեֆ Խատաժ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործող 18 սկաուտական միութիւններ, որոնց շարքին` ՀՄԸՄ-ը:

Խուրի այս ուեպինարը շատ կարեւոր նկատեց` ընդգծելով անոր շօշափած նիւթը, որ բծախնդրութեամբ ծրագրուած է: Ան հաստատեց նաեւ, որ միութիւններու ներկայացուցիչները իրենց կարգին եղած են բծախնդիր` ապացուցելով, որ անոնք ընկերութեան մէջ պատասխանատուութիւններ ստանձնած եւ ազդեցութիւն ունեցող դէմքեր են:

Խուրի շնորհակալութիւն յայտնեց Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին եւ բարձր գնահատեց անոր  ջանքերը` բացառիկ կերպով կազմակերպուած այս ուեպինարին առիթով:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ նախարարութիւնը այս ուեպինարը կազմակերպած է` մեկնելով այն փափաքէն, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով յայտարարուած բնակարանային մեկուսացումին ընթացքին պէտք է առնել քայլեր, որոնք կարելի եղածին չափ պիտի աշխուժացնեն  միութիւններուն աշխատանքները:

«Այս նախաձեռնութեան նպատակն է նաեւ նախարարութեան ու տարբեր միութիւններու ու ֆետերասիոններու միջեւ  գործակցութիւնը աշխուժացնել: Պիտի աշխատինք կազմակերպել նաեւ այլ ուեպինարներ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին նախարարութեան կապուած այլ միութիւնները հետաքրքրող եւ անոր աշխատանքը բարեկարգող թեմաներ: Այդ նիւթերը պիտի ճշդուին իւրաքանչիւր մարզի կարիքներուն համաձայն», շեշտեց նախարարը:

«Սքութ տիւ Լիպան»-ի ներկայացուցիչը իր կարգին արժեւորեց Խուրիի ցուցմունքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան` մաղթելով, որ ան յաւելեալ առիթներ կ’ընծայէ իրենց` նման նիւթեր արծարծելու եւ իրենց կարողութիւնները բարելաւելու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Բոլորին` Աջակցելու Կառավարութեան

Յաջորդը

«Քորոնա»-ով 4 Նոր Վարակուածները Ընդհանուր Թիւը Բարձրացուցին 677-ի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.