Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Բացատրել Երկուութեան Ախտանշանը…

April 16, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Նորութիւն չէ, որ վաղուց արդէն գոյութիւն ունի մեր ժողովուրդը իր արդար պահանջատիրութենէն խզելու մեծապետական քաղաքականութիւն և որ այդ քաղաքականութիւնը խրախուսողը ընդհանրապէս եղած է ԱՄՆ-ի դաշնակցային գործադիր իշխանութիւնը գէթ Լոզանի համաձայնագրէն ի վեր։ Իսկ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն սկսած, ԱՄՆ եղած է այդ քաղաքականութեան առաջատար ուժը։ Փաստօրէն, Նախագահ Ուիլսընի արդարակորով առաքելութեան ձախողութենէն ետք, Արևմուտքը որդեգրեց Քեմալական Թուրքիոյ սրտին վրայ խարսխուելու յստակ ռազմավարութիւն և Թուրքիան բոլշևիկեան Ռուսաստանէն «խլելու» հետևողական դիրքորոշում։ Եւ ասիկա՝ անկա՛խ այն բանէն, թէ Անքարա ի՞նչ երկերեսանի վերաբերմունք կը ցուցաբերէր Արևմուտքի հանդէպ վերջին գրեթէ մէկ դարու ընթացքին։ Աւելցնենք նաև, որ այս խաղին միւս կողմը գտնուած է Մոսկուան և վերոյիշեալ քաղաքականութեան սերմերը պէտք է փնտռել նաև Կարսի Պայմանագրին մէջ։

Եւ բնականաբար միջազգային այս կնճռոտ խաղին մէջ պիտի բռնուէր նաև Հայ Դատը։ Վերջին հարիւրամեակի մեր պահանջատիրութեան պատմութիւնը սերտօրէն առընչուած է միջազգային այս խաղէն բխող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու գործին։ Եւ այս գործի մայրուղիին մէջ գործող առաջնորդող ուժը եղած է և է Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը։ Սփիւռքի և յատակպէս Արևմտեան Սփիւռքի մեր իրերայաջորդ սերունդները քաղաքականացնելու Դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ աճող ազդեցութեան հակադրեց հայութեան համաժողովրդական քաղաքական ուժը։ Կրօնամշակութային հողի վրայ կազմակերպուած մեր համայնքներու հաւաքական ուժը ՀՅԴ քաղաքական գործի հնոցներուն մէջ վերածուեցաւ քաղաքական ուժի։ Եւ այսպէս է, որ մեր ժողովուրդը կրկին ինքզինք դրաւ համաշխարհային քաղաքականութեան քարտէզին վրայ հակակշիռ հանդիսանալով Թուրքիոյ աշխարհատարած քարոզչութեան։

Եւ, անշուշտ, այս մէկը բնականաբար պիտի բարդացնէր թուրքևարևմտեան և թուրքևամերիկեան յարաբերութիւններու գործընթացը։ Եւ այդ իսկ պատճառով, Արևմուտքի մէջ սկսան փնտռել յատուկ քաղաքական գործիքներ ( և գործիչներ…) այս հարցին «լուծում»ներ գտնելու և քաղաքական բեմը հնարաւոր արագութեամբ «ախտահանելու» սևեռուն միտումով։

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն և Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Ուաշինկթընի ռազմագէտները յուսացին դաշնակիցներ գտնել նաև ՀՀ իշխանութեան առաջաւոր դիրքերուն վրայ։ Անհիմն չէին այս յոյսերը։ Հայ պետականութեան ղեկավար դիրքերուն վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան փաստէն բխող հայ պահանջատիրութեան վերաբերմամբ իսկապէս գոյութիւն ունէր քաղաքական զգալի երկուութիւն։ Քաղաքական այդ շերտը գոյութիւն ունի Երևանի մէջ նոյնիսկ այսօր։ Գաղտնիք չէ, որ պետականութեան անմիջական խնդիրներէն բխող հաշիւներու բարդ և հակասական ոլորտ մը կը շարունակէ ինքզինք պարտադրել որոշ պետական այրերու և կազմակերպութիւններու մտածողութեան վրայ։ Փաստը այն է, որ ՀՀ պետական մտածողութեան մէկ որոշակի շերտը դեռ չէ կրցած հաւասարակշռութեան յանգիլ այս հարցին մէջ և գտնել վարանումներէ զերծ և յստակ մէկ մտատեսիլ։ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հռչակագիրը կարևոր քայլ մըն էր այս մարզին մէջ։ Կարևոր գաղափարական յաղթանա՛կ մը՝որ կարելի դարձաւ նախորդ իշխանութեան օրով։ Բայց արդար ըլլալու համար պէտք է աւելցնել, որ անոր տոկուն բովանդակութիւնը դիւրաւ չէ, որ ձևաւորուեցաւ…Զայն կը պարտինք այն քաղաքական ուժի պնդումներուն, որ միշտ ալ եղած է դրօշակիրը մեր պահանջատիրութեան։ Այնուամենայնիւ պատմական փաստը այն է, որ ան այսօր կայ որպէս համայն հայութեան քաղաքական վարդապետութիւնը (doctrine, դոկտրինա) ներկայացնող փաստաթուղթ։ Միակ փաստաթո՛ւղթը՝ որ համահայկական հանգամանք ունի այսօր։ Եւ ան այլևս ենթակայ չէ դիւանակալներու (չինովնիկ) կամ ոևէ մէկու վերանայման։

Կ՚ուզեմ սակայն զգուշացնել, որ այս հարցը մշտապէս կենդանի է և ան պիտի չմեռնի, քանի որ մեր պահանջատիրութիւնը կեցած է մեծապետական քաղաքականութիւններու և Թուրքիոյ միջև որպէս «նեղացուցիչ» գործօն…Մեծապետութիւնները և մասնաւորաբար Արևմուտքի մեծ պետութիւնները պիտի շարունակեն փորձել «աժան գնով» լուծել այս հարցը և պիտի հնարեն TARC-ի և Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններու պէս գործիքներ և միշտ ալ պիտի գտնեն իրենց գործակիցները հայ կեանքի մէջ…Հայ պետականութիւնը, հայ քաղաքական ուժերը, հայ մտաւորականութիւնը և հայ ժողովուրդը ամէնուրեք պիտի հսկէ աչալրջօրէն և ձախողութեան մատնէ բոլոր նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները։ Մէկ բան յստակ է։ Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ այդ պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ։

Վերջապէս կ՚ուզեմ բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրել Թանէր Աքչամ երևոյթին վրայ։ Աքչամ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստի մեծ մասնագէտներէն է, բայց մեր արդար պահանջատիրութեան բարեկամը չէ։ Ան կը մերժէ ընդունիլ հայ ժողովուրդի հողային իրաւունքներու հիման վրայ տարածքային հատուցման սկզբունքը։ Հայրենազրկման խնդիրը Աքչամի օրակարգին վրայ գոյութիւն չունի որպէս իրաւունքի խնդիր։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք միամտութիւնը ունին կարծելու, որ Պրոֆ. Աքչամին բեմ հայթայթելով մենք քաղաքական առաւելութիւն ձեռք ձգած կ՚ըլլանք Թուրքիոյ դէմ, չարաչար կը սխալին։ Մենք պարզապէս առաւելութիւն տուած կ՚ըլլանք այն թէզին, որ նոյնինքն մեծապետութիւններու թէզն է և որ կ՚ըսէ՝ «Գտնել ձևը նիւթական հատուցումներով վերջ դնելու հայ պահանջատիրութեան և միանգամընդմիշտ փակելու հայութեան հողային իրաւունքներու հարցը։» Պարզ խօսքով, հայ պետականութիւնը մշտապէս պահելով ՊԱՏԱՆԴԻ դիրքերուն վրայ։ Այս առումով, իրենց թէզի վախճանական հետևութեան մէջ, Աքչամը և իր նմանները պէտք է դիտել որպէս հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան (viability) — և հետևաբար անվտանգութեան — էական հակառակորդը։

Ապրիլ 15, 2020
Ուաշինկթըն

Նախորդը

«Փոքր» Ժահրին «Մեծ» Բացայայտումները (Խորհրդածութիւն)

Յաջորդը

Ռոպոթացում

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.