Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քաղաքային ինքնաշարժ մը Սուրիա-Լիբանան սահմանին մօտ գտնուող Ժտէյտեթ Եապուս շրջանին մէջ ենթարկուած է յարձակումի` նշելով, որ արձանագրուած են միայն նիւթական վնասներ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Դամասկոսի զօրակցող ղեկավար մը եւ ապահովական աղբիւր մը», հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու սարք մը յարձակում գործած է Սուրիա-Լիբանան սահմանին սուրիական կողմին վրայ գտնուող Հըզպալլայի պատկանող ինքնաշարժի մը վրայ, եւ մարդկային կորուստներ չկան:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթի կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու սարք մը Սուրիա-Լիբանան սահմանին սուրիական կողմին վրայ հարուածած է Հըզպալլային պատկանող ինքնաշարժ մը:



