Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու վերաբերող ընդհանուր զօրաշարժն ու անոր խստօրէն հսկելու քայլերը:
Երեկոյեան Քիւպիչ յայտնեց, որ ինք Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ դրական եւ օգտակար զրոյցներ ունեցած է` կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին մասին:
Քիւպիչ յայտնեց, որ քննարկած են նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ներկայ տագնապին արմատական դրդապատճառները: «Պէտք է երաշխաւորել դրամատնային հզօր, թափանցիկ ու հաշուետուութեան ենթակայ համակարգ մը, որ տնտեսական ապաքինման անհրաժեշտ ազդակ կը նկատուի», ըսաւ Քիւպիչ:
Ֆահմիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիէն: Քննարկուեցան լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակի դիմակայման միջոցառումները, եւ այդ իմաստով կատարուեցաւ երկկողմանի փորձառութեան փոխանակում:



