Անգլիական «Daily Mail»-ի համաձայն, անգլիական ակումբները իրենց փորձերուն պիտի սկսին մայիսի վերջը:
Նշուեցաւ, որ այս ուղղութեամբ, ակումբները իրենց բոլոր մարզիկներուն տեղեկացուցած են, նշելով, որ մայիսի սկիզբը, անոնք պէտք է իրենց փորձերուն սկսին՝անհատական ծրագիրով:
Անգլիական ակումբները շեշտեցին նաեւ, որ ամրան ընթացքին մարզիկները չեն կրնար արձակուրդի մեկնիլ:
Ըստ անգլիական մամուլին, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ:



