Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ իտալական Ա.Սէ. Միլան ակումբը, մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ՝Նորպերթօ Պրիասքօ-Բալեկեանով:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստին փոխանցումը նոյնիսկ տեղի կրնայ ունենալ այս ամրան ընթացքին:
24 տարեկան Բալեկեան,որ մաս կը կազմէ արժանթինեան Աթլեթիքօ Հուրաքան խումբին, անոր հետ այս տարեշրջանին ցարդ նշանակած է երկու կոլ: Ան 2018-էն ի վեր մաս կը կազմէ Հայաստանի ազգային հաւաքականին:



