Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց ելեկտրոնային նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս «Քորոնա» համաճարակն ու անոր ունեցած առողջապահական, տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները, ինչպէս նաեւ վերջին երկու օրերուն ընթացքին համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի արծարծած անձնական հիւանդանոցներու հարցին եւ անոնց փակման ենթակայ ըլլալու վտանգին:
Համախմբումը քննարկեց այդ կացութիւնը փրկելու համար կատարուած հաղորդակցութիւնները եւ հաւանական լուծումները, ինչպէս նաեւ որոշեց կառավարութենէն պահանջել, որ անմիջական քայլերու դիմէ` լուծելու համար այս իրավիճակը:
Համախմբումը ընդգծեց, որ այս իմաստով պատրաստած է նաեւ օրինագիծ մը` ներկայացնելու համար խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստին:
Համախմբումը գնահատեց խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրական արտակարգ նիստ մը գումարելու որոշումը` մաղթելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առաջնահերթութիւն կ’ընծայէ «Քորոնա»-ի ժահրին վերաբերող օրինագիծերուն քննարկումին` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող արտակարգ եւ վտանգաւոր կացութիւնը:
Համախմբումը քննարկեց նաեւ կառավարութեան կողմէ մշակուող տնտեսական եւ ելեւմտական ծրագիրը` իր նախնական վիճակին մէջ, եւ որոշեց այդ մասին յստակ կեցուածք ու տեսակէտ յայտնել, երբ այդ ծրագիրը իր վերջնական վիճակին մէջ յայտարարուի:
Համախմբումը մերժեց դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն, յատկապէս փոքր հաշիւ ունեցողներու գումարներուն դպչելու կարելիութիւնը: «Արձանագրուած վնասները կարելի է լուծել այնպիսի տարազով մը, որուն մէջ լիբանանեան պետութիւնը, դրամատուներն ու Կեդրոնական դրամատունը պատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն` իրենց ունեցուածքը եւ իւրացուած գումարները վերադարձնելու ընդմէջէն: Այս իմաստով համախմբումը յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացնէ գործնական առաջարկներ», նշուեցաւ համախմբումին նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ:


