Հայաստանի կռփամարտի հավաքականի անդամ,Եւրոպայի ախոյեան,աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Բաչկով,ապաքինած է «Քորոնա» ժահրէն:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ,այս մասին յայտնեց կռփամարտիկը:
«Լոնտոնէն վերադառնալէս ետք,ինքնամեկուսացուած եմ տան մէջ՝կասկածելով,որ վարակուած եմ «Covid-19»-ով։Վեց օր տնային ինքնամեկուսացումէն ետք ենթարկուեցայ քննութիւններու եւ դժբախտաբար պատասխանը դրական էր։14 օր Գիւմրիի հիւանդանոցին մէջ մեկուսացուելէ ետք,կրկին քննութիւններու ենթարկուեցայ։Ուրախութիւն բոլորիս՝պատասխանը ժխտական էր»,ըսաւ մարզիկը:



