Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վէմ» Հանդէսի 2020-ի Առաջին Թիւը Լոյս Տեսած Է

April 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վէմ» համահայկական հանդէսին 2020 թուականին առաջին թիւը` 324 էջ ծաւալով եւ հարուստ բովանդակութեամբ ելեքտրոնային տարբերակով ընթերցողին կը ներկայացուի:

«Վէմ» համահայկական հանդէսը իր 2020 թուականի առաջին թիւի Խմբագրականին միջոցով սկսած է մասնագիտական քննարկումներ մեր ազգային պահանջատիրութեան հիմքը կազմող Սեւրի պայմանագիրին եւ ԱՄՆ նախագահ Վ. Վիլսընի Իրաւարար վճիռի քաղաքական ապագային շուրջ: Այս կարեւորագոյն ազգային-քաղաքական իրադարձութիւններուն 100-ամեայ յոբելեաններուն առիթով նախաձեռնուող գիտական ուսումնասիրութիւնը հանդէսի 2-րդ թիւով պիտի շարունակուի ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի ակադեմիկոս Ռուբեն Ա. Սաֆրաստեան: Նոյն թեմայով «Վէմ» հանդէսի կողմէն նախատեսուած է նաեւ յատուկ գիտաժողովի կազմակերպում:

Ներկայ թիւին մէջ հրապարակուած փրոֆէսոր Սեյրան Ա. Զաքարեանին ծաւալուն ուսումնասիրութեան միջոցով «Վէմ» հանդէսը իր յարգանքի տուրքը մատուցած է 20-րդ դարու հայ ազգային-քաղաքական միտքի յենասիւներէն մէկուն` Միքայէլ Վարանդեանի յիշատակին, որուն ծննդեան 150-ամեակը  2020 թուականին կը լրանայ:

Հիմնարար գիտական ու միաժամանակ գիտագործնական նշանակութիւն ունի փրոֆէսոր Ալեքսանդր Ս. Մանասեանի «Տնտեսական մարդու եւ քաղաքական մարդու հակամարտութիւնը» ուսումնասիրութիւնը: Որպէս մեր դարաշրջանի հիմնական հակասութիւն դիտուող այս երեւոյթի յաղթահարման համար հեղինակի ներկայացուցած որոշակի առաջարկութիւնները արդէն հանրային քննարկումի առարկայ են եւ կրնան նաեւ օրէնքի նախագիծեր դառնալ:

Իր երկարամեայ գիտական պրպտումներուն եւ  շարք մը ուսումնասիրողներու կողմէ մոսկովեան արխիւներուն մէջ յայտնաբերուած գաղտնի փաստաթուղթերու հիման վրայ փրոֆէսոր Արարատ Մ. Յակոբեան կրցած է վերջնականապէս պարզաբանել միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարումով Մարտ 1921-ին Խորհրդային Ռուսիոյ ու քեմալական Թուրքիոյ կողմյն ստորագրուած Մոսկուայի պայմանագիրի ժամկէտներու հարցը, որ  նեղ պատմագիտական հարց չէ: Այս փաստաթուղթով իբրեւ պայմանագիր կնքման օր նշուած «16 Մարտ»ը կանխամտածուած կեղծիք է, քաղաքական աճպարարութիւն, որուն միջոցով պոլշեւիկները խաբած են նոյն օրը Լոնտոնի մէջ իրենց հետ առեւտրական պայմանագիր ստորագրած եւ Խորհրդային Ռուսիոյ  ճանչցած անգլիացիներուն, որոնք անոնց դիմաց անոնցմէ պահանջած էին Կարսն ու Արտահանը իրենց ուզած գինով վերադարձնել Խորհրդային Հայաստանին: Մոսկուայի պայմանագիրը ստորագրուած է 2 օր անց` 18 Մարտին: Մինչ այդ Լոնտոնի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Լ. Քրասինին յանձնարարուած էր յարկ եղած պարագային անգլիացիներուն յայտնել, թէ  իրենք տեղեակ չէին, որ 16 Մարտին Լոնտոնի մէջ պիտի կնքուի նաեւ անգլոռուսական համաձայնագիրը: Հետաքրքրական է, թէ 2021 թուականին` այս պայմանագիրի 100-ամեակի տարին, ինչպէս պիտի գնահատեն նման իրողութիւնը ժամանակին խաբուած անգլիացիներու ու պոլշեւիկ-աճպարարներու ներկայ ժառանգորդները:

«Վնէմ» համահայկական հանդէսի 2020 թուականի առաջինթիւին մէջ տեղ  գտած են նաեւ այլ ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններ ու յօդուածներ: Կը ներկայացենք հանդէսին բովանդակութիւնն ու Խմբագրականը: Իսկ առանձին յօդուածներու ելեքտրոնային տարբերակները յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուին հանդէսի կայքէջին` vemjournal.org

 

 

Նախորդը

Մարդը Պարտուեցաւ, Աստուած Յաղթեց

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Պսակաձեւ Ժահրը Համաշխարհային Նոր Համակարգի Հաստատման Միջո՞ց

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.