Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շան Պոչը Կաղապար Դնելու Մասին

April 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ծանօթ անեկդոտ է. «Շան պոչը 40 տարի տափակցնող կաղապարի մէջ դրած են, երբ դուրս հանած են, դարձեալ ոլորուած է»:

Ինչո՞ւ յիշեցինք առածի կարգ անցած այս խօսքը: Որովհետեւ Թուրքիա քանի մը օր առաջ գրաւած էր Սպանիոյ յատկացուած բժշկական պիտոյքներ, որոնք Չինաստանէն Սպանիա կը փոխադրուէին: Ըսուեցաւ, որ անոնք վար դրուած են, որովհետեւ Թուրքիա անոնց կարիքը ունի: Յետոյ, երբ աղմուկ բարձրացաւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հերքեց լուրը եւ խոստացաւ մթերքը Սպանիա ղրկել, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ:

Սխալէն ետդարձը չի ջնջեր եղածը, ո՛չ ալ պարզ ճշմարտութիւնը, թէ՝ Թուրքիա կը մնայ հին աւազակը, որ ինքզինք կը փորձէ պատշաճեցնել նոր աշխարհին: Անցեալին, այլոց հողն ու կեանքերը կը կողոպտուէին ամենայն վայրագութեամբ (հիմա ալ այդ վարքագիծը վերջ չէ գտած), այսօր՝ ուրիշին սահմանուած մթերքներ: Մի՛շտ նոյն աւազակն ու ոճրագործը, որ շան պոչին պէս կաղապար չի ճանչնար:

Օ՜. Ճշդում մը: Թուրքիա կրնայ հպարտ զգալ եւ ինքզինք արդարացնել, որովհետեւ նման կողոպուտի երեւոյթի մէջ առանձին չէ: Միացեալ Նահանգները գողցած են եւրոպական երկիրներու սահմանուած պիտոյքներ ու սարքեր, Իտալիա գողցած է Թունուզի սահմանուած նման մթերք, իսկ Չինաստանէն Իտալիա ղրկուած դիմակներ եւ այլ պիտոյքներ «լոյս աշխարհ եկած են» Չեխիոյ մէջ, որ բացատրած է, թէ անիկա մաքսանենգերու գործն է եւ խոստացած է Իտալիոյ փոխհատուցում կատարել: Նիւ Եորքի քաղաքապետը եւ այլ կառավարիչներ ալ կը գանգատին, որովհետեւ ամերիկեան դաշնակցային կառավարութիւնը պահեստանոցներու մէջ կը պահէ պէտք եղած սարքերը: Ու պատմութիւնը նոր դրուագներով կը հարստանայ օրերու թաւալումին հետ:

…Բազմահազար բժիշկներ եւ հիւանդապահներ օրական աւելի քան 10 ժամ կ’աշխատին, իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով, որպէսզի Պսակաձեւ ժահրը, շատ մը ուրիշ բաներու կողքին, նոր իմաստ եւ խորք տայ համաշխարհայնացում հասկացութեան, թրքական աւազակաբարոյ նկարագիրով վարակելով ուրիշներ:

Նախորդը

Աւելի՛ Վտանգաւոր Ժահր Մը

Յաջորդը

Մարդը Պարտուեցաւ, Աստուած Յաղթեց

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.