Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց ելեկտրոնային նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս «Քորոնա» համաճարակն ու անոր ունեցած առողջապահական, տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններուն մէջ համախմբումի անդամ երեսփոխաններուն տարած աշխատանքները:

Նիստին ընթացքին գնահատուեցաւ տարուած աշխատանքը եւ որոշուեցաւ ջանքերը շարունակել` օժանդակելու համար քաղաքացիներուն:
Համախմբումը որոշեց տարբեր նախաձեռնութիւններու ձեռնարկել, յատկապէս սնունդի եւ երկրագործութեան վերաբերող` աւելցնելով, որ բոլոր կարողութիւնները ի սպաս պիտի դրուին, եւ իրենք միութիւններու հետ պիտի գործակցին` օժանդակելու համար բոլոր անոնց, որոնք օժանդակութեան կարիքը ունին:
Համախմբումը ընդգծեց նաեւ, որ մշակած է շարք մը տնտեսական, ելեւմտական եւ կրթական օրինագիծեր, որոնք կը միտին «Քորոնա» համաճարակին հետեւանքները մեղմացնել: Համախմբումը նկատել տուաւ, որ այդ օրինագիծերը պիտի ներկայացուին խորհրդարանին եւ կառավարութեան: Այս շրջագիծին մէջ համախմբումը հարց տուաւ կառավարութեան, որ արդեօք ան ի՞նչ կը սպասէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցելու` պէտք եղած գումարները ապահովելու եւ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու բարեկարգումները գործադրելու առումով:
Համախմբումը զգուշացուց դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն, յատկապէս փոքր հաշիւ ունեցողներու գումարներուն դպչելէ: «Դրամատնային եւ ելեւմտական օրէնսդրութիւնը, ինչպէս` «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ը, պէտք է նպատակ ունենայ հաշիւ ունեցողներուն իրաւունքները պաշտպանել եւ ոչ հակառակը», նշուեցաւ համախմբումին հաղորդագրութեան մէջ:


