Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ Ռիատ եւ Ժիզան քաղաքներու հրթիռակոծումը` զայն նկատելով քոյր պետութեան մը գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարում, միջազգային օրէնքի խախտում եւ խաղաղ բնակիչները վտանգելու քայլ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց այն ջանքերը, որոնց ձեռնարկած են կարգ մը կողմեր` Եմէնի տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու համար:



