Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Դէպի Բնականոն Կեանքի Հուն

April 6, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պսակաձեւ ժահրի վարակակիրներու թուային  պատկերները երկրէ երկիր կը տարբերին: Հոն, ուր ուշացած են ինքնամեկուսացման կամ մեկուսացման գործընթացները, միտումներու կշռոյթը արագ է, եւ վարակումի տարողութիւնները` բարձր: Կը տարբերին բնականաբար մահացութեան դէպքերու թիւերը: Հետեւաբար նաեւ` բուժուածներու պարագաները: Այս բոլոր վիճակագրութիւնները անընդհատ կը թարմացուին եւ կը հրապարակայնացուին: Ժահրին դէմ յայտարարուած պատերազմին Չինաստանը կը շարունակէ գրաւել առաջին հորիզոնականը:

Կը թուի, որ վիճակագրական սուր եւ կոր պատկերները հարթեցնելու պայքար մղող պետութիւնները  միաժամանակ կը նախապատրաստուին ժահրին հետ գոյակցելու դրութիւններու  որդեգրման: Այստեղ դարձեալ Չինաստանն է, որ կ’ազդարարէ բնականոն կեանքի վերադարձի առաջին քայլերը:

Ինքնամեկուսացումներն ու մեկուսացումները հասկնալիօրէն առաջին  գործողութիւններն են վարակի տարածականութիւնը կարելի սահմաններուն մէջ նուազեցնելու:  Այդ կարգավիճակը սակայն տրամաբանօրէն որոշ ժամանակ կ’ենթադրէ: Ժահրին դէմ պատուաստանիւթի գործարկման թուականի անորոշութիւնը եւ բանակային կարգապահութեամբ յորդորներուն չենթարկուելու երեւոյթները չեն կրնար անորոշ ժամանակով երկարաձգել մեկուսացումը:

Մեկուսացումը կեանքի սառեցում է. թէ՛ պետական, թէ՛ ընդհանրապէս հասարակական ընկալումներով: Դրամատուներու թոյլատրուող սահմանափակ աշխատանքը, որոշուած ասպարէզներու աշխատակիցներուն ազատ շրջագայութիւնը, առցանց աշխատելու դրութիւնները, եկեղեցական կեանքի առ ցանցայնացումը, ու տակաւին` առցանց հաւաքները, համախմբումներն ու ժողովները թափ կը հաւաքեն`  կեանքի ապասառեցման միտումներ արձանագրելով: Տակաւին չենք խօսիր թէ՛ պետական եւ թէ՛ գործարարական մակարդակներու հսկայածաւալ գործունէութիւններու վերամեկնարկի անյետաձգելի դարձած հրամայականներուն մասին:

Լիբանանի մէջ թէ՛ քաղաքացիներու տունդարձի որոշումներու գործնականացման առաջին օրինակները, թէ՛ տեղաշարժի  սահմանափակման համար ինքնաշարժներու համարանիշներու վերաբերող օրէնքներու հրապարակումը կը խօսին փաստօրէն ժահրին հետ համակեցութեամբ կեանքը ապասառեցնելու ճիգերուն մասին:

Տունդարձի կամ տարհանման նպատակով իրականացուող թռիչքները մտածել կու տան, որ երկրորդ փուլը կրնայ վերաբերիլ կանխարգելիչ օրէնքներու կիրարկումով  քաղաքացիական տարբեր թռիչքներ հաստատելու որոշումին: Կարգաւորելի է անշուշտ միջազգային թռիչքներու նոր օրէնսդրութիւնը` ապահովելով վարակազերծման աշխատանքները:

Բնականոն կեանքը անշուշտ պէտք չէ պատկերացնել պսակաձեւ ժահրի բռնկումէն առաջ գոյութիւն ունեցող համատարած գործընթացներով: Պարտադիր պաշտպանուածութիւնը, ֆիզիքական հեռաւորութեան պահպանումը եւ նման կանխարգելիչ կանոններ պիտի գան համալրելու այն բոլոր կէտերը, որոնց պարտադրաբար պիտի դիմեն քաղաքացիները` ժահրին հետ համակեցութեամբ կարելի բնականոնութեամբ  հաւաքական կեանքը շարունակելու համար:

Վերադառնանք չինական օրինակին եւ նկատենք, որ յետքորոանական աշխարհը գուցէ այդ օրինակին հետեւելու պատճառներ ունի: Հետեւելու այս պարագային ո՛չ միայն ժահրին դէմ յայտարարուած պատերազմը յաղթահարելու, այլ նաեւ յետպատերազմեան կեանքը կազմակերպելու ուղղութիւններուն:

Գիտական աշխարհը կը շարունակէ բացատրել, որ վարակը իր շրջանը (սիքլը) ունի, զոր պիտի աւարտէ: Այդ շրջանի տեւողութիւնը յայտնաբար հիմնովին կախեալ է կարողական վարակակիրներու մեկուսացուած կարգավիճակներէն: Եթէ գործնապէս բացարձակօրէն կիրարկելի չէ մեկուսացումը, շրջանի աւարտի պահը դժուար է կանխատեսելը: Ուրեմն` համակեցութիւնը կը դառնայ աւելի տեսանելի կարելիութիւն` հաւաքական կեանքի ապասառեցման համար: Այս համակեցութիւնն ալ ունի իր կանոնները: Փաստօրէն ասպարէզի բերումով շրջագայողները, թռիչքի ուղեւորներն ու ինքնաշարժի վարորդները սկսած են կիրարկել այդ կանոնները եւ այդպիսով արձանագրել ապասառեցման առաջին քայլերը:

«Ա.»

Նախորդը

Կեցուածք. Քանատա Պէտք Է Բացատրութիւն Տայ, Նաեւ՝ Պաշտօնազրկէ Թուրքոյ Մէջ Իր Դեսպանը

Յաջորդը

Մատրիտ. «Թուրքիան Չինաստանէն Սպանիա Ուղղուող` Շնչառութեան Սարքերով Բեռնաւորուած Օդանաւ Մը Գրաւեց»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.