«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կը հաղորդէ, որ սրտի դառն կսկիծով տեղեկացած է Շահէ Մակար Թասլաքճեանի մահուան մասին, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով պատահեցաւ 1 ապրիլ 2020-ին, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ:
Շտապը այս տխուր առիթով իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Թասլաքճեան եւ Օհանեան ընտանիքներուն:



