Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Ներկայացուին 5 Քաղաքական Ուժեր, Որոնց Կարգին` ՀՅԴ-ն

April 2, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններու
Երկրորդ Փուլ Պիտի Կատարուի

1 ապրիլին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան հրապարակեց 31 մարտին Արցախի մէջ կայացած համապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Ան նշեց, որ Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան 5 քաղաքական ուժեր` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ կուսակցութիւններու դաշինքը, Միասնական հայրենիք կուսակցութիւնը, Արցախի Արդարութիւն կուսակցութիւնը եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը: Ըստ Արզումանեանի, կուսակցութիւններու պարագային խորհրդարան մուտք կը գործեն 5 տոկոսի շեմը յաղթահարած քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւններու դաշինքի պարագային` 7 տոկոսի շեմը յաղթահարողը: Այսպիսով` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան 5 քաղաքական խմբաւորումներ:

Ան  ներկայացուց իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ստացած ձայները` թուային եւ տոկոսային ցուցանիշերով. Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւն` 2360  քուէ,  3,2 տոկոս, Միասնական հայրենիք կուսակցութիւն` 17.365 քուէ, 23,63 տոկոս, Անկախութեան սերունդ կուսակցութիւն` 656 քուէ, 0,9 տոկոս, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւն` 4717 քուէ, 6,4 տոկոս, Արցախի յեղափոխական կուսակցութիւն` 1660 քուէ, 2,26 տոկոս, Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ կուսակցութիւններու դաշինք` 29.688 քուէ, 40,4 տոկոս,  Արցախի Արդարութիւն կուսակցութիւն` 5865 քուէ,  7,9 տոկոս, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն`  4269 քուէ, 5,81 տոկոս, Միացեալ Հայաստան կուսակցութիւն` 958 քուէ, 1,3 տոկոս, Արցախի պահպանողական կուսակցութիւն` 2108 քուէ, 2,87 տոկոս, Լեռնային Ղարաբաղի կոմունիստական կուսակցութիւն` 480 քուէ, 0,65 տոկոս, Նոր Արցախ կուսակցութիւններու դաշինք` 3305 քուէ,  4,5 տոկոս:

Անվաւեր նկատուեցաւ 2418 քուէաթերթիկ կամ ընդհանուր թիւին 2,3 տոկոսը:

Սրբուհի Արզումանեան տեղեկացուց, որ 31 մարտին կայացած Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլ տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ թեկնածուներէն ոչ ոք յաղթահարած է քուէներուն 50 տոկոս + 1 սահմանը: Երկրորդ փուլը տեղի կ՛ունենայ քուէարկութենէն 14 օր ետք, այսինքն` այս պարագային, ապրիլ 14-ին:

Ան դիտել տուաւ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններուն ընտրողներու ընդհանուր թիւը կազմած է 104.348, իսկ քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը` 76.728 է: Նախագահի ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներուն 73,5 տոկոսը, անվաւեր քուէաթերթիկները 2625 էին:

Թեկնածուներէն Վիթալի Բալասանեան հաւաքած է 10,755 ձայն կամ 14,7 տոկոս, Մասիս Մայիլեան` 19.360 ձայն կամ 26,4 տոկոս, Արայիկ Յարութիւնեան` 36.076 ձայն կամ 49,26 տոկոս, Դաւիթ Իշխանեան` 1873 ձայն կամ 2,56  տոկոս:

Նախագահական միւս թեկնածուներուն ստացած քուէներուն պատկերը հետեւեալն է. Բալայեան Քրիստինէ` 202 քուէ կամ 0,3 տոկոս, Ամիրեան Սերգէյ` 106 կամ 0,2 տոկոս, Բաբայեան Դաւիթ` 587 կամ  0,8 տոկոս, Լալայեան Բելլա` 162 կամ  0,2 տոկոս, Խանումեան Հայկ` 962 կամ 1,3 տոկոս, Բադասեան Վահան`  743 կամ 1 տոկոս, Ղուլեան Աշոտ` 1683 կամ 2,3 տոկոս, Իսրայէլեան Ռուսլան` 368 կամ 0,5 տոկոս, Դադայեան Աշոտ` 198 կամ 0,3  տոկոս, Պօղոսեան Մելսիկ` 141 կամ 0,2 տոկոս:

Անվաւեր նկատուած է 2625 քուէաթերթիկ կամ ընդհանուր թիւին 3,5 տոկոսը:

 

 

Նախորդը

Տոմս. Ապրիլ Մէկի Կատակ Չկարծէ՜ք…

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ. Մինչեւ Այսօր Ապաքինած Է 31 Քաղաքացի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.