Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսական Փալոն Կոչ Ուղղած Է` Անմիջապէս Դադրեցնելու Ազրպէյճանին Տրուող Զինուորական Օժանդակութիւնը

April 2, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոն 31 մարտին կոչ ուղղած է` ընդլայնելու Հայաստանին տրուող Միացեալ Նահանգներու զինուորական օժանդակութիւնը եւ անյապաղ դադրեցնելու Ազրպէյճանի զինուորական օգնութիւնը` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին շարունակական յարձակումներուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

«Միացեալ Նահանգները պէտք է անյապաղ դադրեցնեն Ազրպէյճանին զինուորական օժանդակութիւնը մինչեւ որ այդ երկրի կառավարութիւնը դադրեցնէ իր յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, համաձայնի շրջանային հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման եւ ապացուցէ, որ դադրեցուցած է մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը», յայտարարած է Փալոն` Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ծառայութիւններու հարցերու յանձնախումբի նիստին իր արտասանած խօսքին մէջ:

Ան նաեւ նշած է, թէ պէտք է ձգտին աւելի աջակցող ազդակ ուղարկել շրջանային գործընկերներուն, որոնք, ինչպէս Հայաստանը, կ՛ապրին ժողովրդավարական փոխակերպումներ` անոնց հետ ուժեղացնելով ռազմավարական համագործակցութիւնը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փալոնին` իր կեցուածքին համար, զոր ցուցաբերած է Ազրպէյճանին Միացեալ Նահանգներու զինուորական օժանդակութիւնը դադրեցնելու հարցին մէջ` նշելով, որ այդ օգնութիւնը միայն հզօրացուցած եւ ոգեշնչած է Ազրպէյճանը` խթանելու իր նախայարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ:

Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանական կողմը 30 մարտին ներթափանցման փորձ կատարած էր Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեան շրջանի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական սահմանապահներուն գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդը ետ շպրտուած էր:

Հայկական կողմը կորուստներ չէր ունեցած, գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք թեթեւօրէն վիրաւորուած են երկու զինուորներ:

Ազրպէյճանական կողմը նաեւ թիրախաւորած էր Բաղանիս եւ Ոսկեվան գիւղերը` վիրաւորելով Ոսկեվան համայնքի բնակիչ երեխայ մը, որ այդ պահուն գտնուած է պատշգամը:

 

 

Նախորդը

Առողջապահութեան Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ` Կարգապահութեամբ Վարուելու «Քորոնա» Վարակին Հետ` Ընդգծելով, Որ Լիբանան Տակաւին Կը Գտնուի Վտանգի Օղակին Մէջ

Յաջորդը

«Արցախի Ջանքերը Պէտք Է Ստանան Միջազգային Հանրութեան Աջակցութիւնը». Արցախի ԱԳՆ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.