Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ԺԽՏՈՒՄԻ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ` ՊԱՔՈՒԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

January 10, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի ծերակոյտը այս ամիս իր օրակարգին վրայ կը ներառէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկումն ու քուէարկութիւնը: Այդպէս են բազմակողմանի լրատուութիւններուն հաղորդումները, ընդ որում` պաշտօնական լրահոսինը:

Թրքական վայնասունը կը շարունակուի ցուցական ձեւով: Փարիզ վերադարձած թուրք դեսպանը կը բարձրացնէ ահազանգին աստիճանը` ազդարարելով, որ Ֆրանսայի նախագահը մտադրած է ժխտումի քրէականացումը համաեւրոպականացնել: Անկախ թէ ըսուածը որքանո՞վ կը համապատասխանէ իրականութեան, պէտք է մտածել նման յայտարարութիւններ կատարելու շարժառիթին, բուն պատճառին եւ ունենալիք հաւանական հետեւանքներուն մասին:

Նման յայտարարութիւն մը նախ հասարակական մակարդակով աւելի կը շիկացնէ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած հակաֆրանսա տրամադրութիւնը: Սակայն յայտարարութիւնը ամբոխային տրամադրութիւններու շիկացումով քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ անշուշտ: Ամբոխային տրամադրութիւններու ձեւաւորումը միայն Թուրքիոյ մէջ չէ, որ տեղի կ՛ունենայ: Եւրոպայի տարածքին ապրող թուրքեր բնականաբար անմասն չեն մնար այս մթնոլորտէն: Ներքին սպառումի համար առնուած նման քայլեր սակայն իրենց հաշուարկներուն մէջ պէտք է ներառեն եւրոպական առումով զանգուածային տրամադրութիւններու գոյառումը. այս պարագային նախ եւ առաջ ֆրանսացի ժողովուրդին եւ ապա ընդհանրապէս եւրոպացիներուն համար, որոնց առջեւ առնուազն ոչ քաղաքակիրթ պահուածքի արտառոց տարբերակներ կը ցուցադրեն եւրոպականանալ ուզող թուրքերը:

Հակաֆրանսա տրամադրութիւններու սերմանումն ու քաղաքական մակարդակի վրայ առնուած քայլերը իրար չեն համապատասխաներ: Որքան ալ հասկնալի ըլլայ, որ ճնշամիջոցներու զինանոցը մէկ անգամէն պարպել պիտի չուզէր Անգարան, յամենայն դէպս Անգարա-Փարիզ որեւէ խզումի առաջնորդող գործողութիւն ցարդ չէ յայտնուած քաղաքական բեմին վրայ:

Լուսարձակները պահ մը հեռացնենք Անգարա-Փարիզ պարանաձգութենէն եւ կեդրոնացնենք Պաքուի վրայ` փորձել հասկնալու համար ցուցադրուած զուսպ վերապահութիւններու եւ քննադատութիւններու էութիւնը: Անշուշտ ձեւական քննադատութիւններ անպայման պիտի արձանագրուէին Պաքուէն` ուղղուած Էլիզէի պալատի հասցէին: Պարզ է, որ Պաքուն ամէնէն հանգիստ վիճակներուն մէջ կ՛ուզէր տեսնել Ցեղասպանութեան թեմայով խորանալիք քաղաքական ճգնաժամերը` միշտ ի մտի ունենալով ղարաբաղեան խնդիրին նախապայմանականութիւնը:  Հարցը այստեղ չ՛աւարտիր անշուշտ: Պաքուի համար, որքան ալ անցանկալի ըլլայ, այսուհանդերձ Մինսքի խմբակը համաձայնեցուած ձեւաչափն է արցախեան հակամարտութեան միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու համար: Իսկ այդ խմբակի համանախագահի լիազօրութիւններ ունի Փարիզը:

Պաքուն հնարած է փաստօրէն, առանց Ֆրանսայի հետ կամուրջները այրելու, իր աւագ եղբօր զօրակցութիւն յայտնելու տարազը: Ազրպէյճան կը նախապատրաստուի քրէականացնել Խոջալուի «ջարդեր»-ու ժխտողականութիւնը: Զաւեշտալին այն է այստեղ, որ ժխտումի միջավայրը նոյնինքն Ազրպէյճանն է. այլ խօսքով` Ազրպէյճանի մէջ կը քրէականացուին ազրպէյճանցի այն պատմաբաններն ու քաղաքական գործիչները, որոնք կը ժխտեն Խոջալուի «ջարդեր»-ը:

Այս բոլորին մէջ մտահոգիչ կէտ մը ինքզինք տեսանելի կը դարձնէ` առայժմ ոչ անմիջականօրէն: Պատահականութեան պէտք չէ վերագրել ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի յայտարարութիւնը, որ կը գերադասէ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը: Ֆասիէ ցարդ նման որեւէ յայտարարութիւն չէր կատարած: Պաշտօնաթողութիւնն ալ արդարացնող հիմնաւորում չէր կատարուած յայտարարութեան:

Պատճառ ունինք գէթ մտածելու Ֆրանսայի հաւասարակշռութիւն պահպանող քաղաքականութեան մասին: Եթէ ցեղասպանութեան հարցին մէջ Փարիզը անկաշկանդ եւ աննախադէպ կշռոյթներով ու տարողութիւններով յառաջ կ՛երթայ, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել ղարաբաղեան հարցին պարագային: Չմոռնանք, որ նախագահ Սարքոզի Երեւանի մէջ նոյնիսկ ուշադրութիւն գրաւող յայտարարութիւն չկատարեց Ղարաբաղի մասին:

Ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացումը պէտք չէ սակարկել ղարաբաղեան հարցով: Հայկական կողմը մինչեւ վերջ անջատ գործընթացներու մօտեցումով պարտի մերժել երկու թղթածրարներու ուղղակի-անուղղակի փոխկապակցուածութիւնը: Բան մը, որ թէ՛ թուրքերուն եւ թէ՛ ազրպէյճանցիներուն համար վաղեմի ռազմավարութեան նշանակութիւն ունի:

«Ա.»

 

Նախորդը

«ՖԵՆԻՍԻԱ»-Ի ՄԷՋ «ՆԵՐԿԱՅ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ ՃՇԳՐԻՏ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ Չ՛ԱՊԱՀՈՎԵՐ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Յաջորդը

ԱԿՆԱՐԿ. ԺԽՏՈՒՄԻ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ` ՊԱՔՈՒԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.