Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սիրտով Մօտիկ Ըլլանք

March 27, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այո՛, լիբանանահայութիւնը դարձեալ եկաւ փաստելու, որ ինքնուրոյն է իր կազմակերպուած ուժով, կուսակցութիւններով, համայնքներով, միութիւններով եւ բարեսիրական հաստատութիւններով:

Եթէ հետեւինք հեռու եւ մօտ գտնուող գաղութներու վիճակին, կը տեսնենք, թէ մենք որքա՛ն կազմակերպուած, միակամ եւ ժողովուրդին կողքին մնացող  գաղութ ենք տակաւին:

Այսօր, իբրեւ համաշխարհային աղէտ հռչակուած «Քորոնա»-ն նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրաւ ամբողջ մարդկութիւնը: Սակայն, մենք քաջութիւնը ունեցանք ըսելու, որ տունը պիտի մնանք, բայց մեր ակումբները, մեր հաստատութիւնները, մեր ծառայութիւնները ժողովուրդին առջեւ պիտի մնան բաց:

Ֆիզիքապէս հեռու ենք, բայց սիրտով մօտիկ ըլլալու, զգալու եւ մնալու վճռակամ որոշումը տուինք:

Շտապը ստեղծուեցաւ, եւ լրատուամիջոցներու ու դիմատետրի միջոցով թելադրանքներ եւ խորհուրդներ կը տրուին, գօտեպնդման խօսքեր կ’ուղղուին, նախազգուշական արշաւներ կը կազմակերպուին:

Անմիջական մաքրութեան դեղերու 3.000 ծրարներու բաշխումը արդէն կը կատարուի:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Ազգային առաջնորդարանը, Հայ կաթողիէ պատրիարքութիւնն ու աւետարանական համայնքը արդէն անցնող շաբթուան ընթացքին 1.000 ուտեստեղէնի կտրօններ եւ ծրարներ բաժնեցին,

Յառաջիկայ շաբաթներուն Պէյրութի քաղաքապետարանի եւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին կողմէ աւելի քան 2.000 ուտեստեղէնի կտրօններու ցրուումի աշխատանքներ կը նախապատրաստուին:

Դարմանատուներէն դեղորայքի, բժշկական սարքերու եւ ծառայութիւններու անվճար սպասարկութիւններ ապահովուած են:

«Աղբալեան»-ի եւ «Ազատամարտ»-ի մէջ նոր դարմանատուներու հաստատումը կատարուած էր` շրջագայութիւնը նուազեցնելու նպատակով:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ 500 անկարող եւ անօգնական տարեցներու շաբաթը երկու անգամ տաք ճաշ բաժնելու աշխատանքը կը վերակազմակերպուի:

Հեռաձայնային սպասարկութեան հաստատումով «Քորոնա»-ի հետ կապուած խնդիրներու վերաբերեալ  անմիջական ցուցմունքներ կը տրուին:

24 ժամի վրայ կամաւոր բժիշկներու հեռաձայնային սպասարկութեան դրութիւնը կ’աշխատի արդէն:

Պետական եւ անձնական հիւանդանոցներու հետ «Քորոնա»-ի հետ կապուած  անհրաժեշտ կապերը հաստատուած են:

Այնճարի մէջ յատուկ մարմինով մը գիւղի բնակչութեան ամբողջական ծառայութիւնները ապահովուած են:

Այո՛, այս բոլորը կ’ըսեմ, որպէսզի նախ գիտնաք, որ առանձին չէք, եւ երկրորդ` բարի օրինակ դառնալու համար այլ գաղութներու, որպէսզի նման նախաձեռնութիւններով ժողովուրդի կողքին կանգնին:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 290-ի. Արձանագրուեցաւ Առաջին Մահը. Երեք Զինուորներ Վարակուած Են

Յաջորդը

Անդրադարձ. «Քորոնա»-ի Տնտեսական Արդիւնքը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.