Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Տիապ Հետեւեցաւ «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Կանխարգիլելու Յատուկ Յանձնախումբի Աշխատանքներուն

March 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ այցելեց վարչապետարանին մէջ ստեղծուած Ազգային շտապի գործողութիւններու յատուկ սենեակը, ուր ան ստուգեց տարուող աշխատանքները:

«Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու յատուկ յանձնախումբի նախագահ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար դիմաւորեց վարչապետ Տիապը, որուն ներկայացուց շտապին գործադրած ծրագիրն ու աշխատանքները:

Տիապ իր ցուցմունքները տուաւ յանձնախումբին` յատկապէս «Քորոնա» ժահրին վերաբերող բոլոր տեղեկութիւններուն հետեւելու առումով:

Վարչապետ Տիապ ընդգծեց, որ բոլոր նախարարութիւններուն ներկայացուցիչները շտապ այդ յանձնախումբին տրամադրութեան տակ կը գտնուին:

Վարչապետ Տիապ երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրը եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեւմտական եւ դրամական կացութեան վերաբերող հարցերը:

Վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպն ու հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Թալալ Հաուաթը:

Մաժզուպի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան առցանց ուսման կարելիութիւնները:

Նշենք, որ վարչապետ Տիապի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը հերքեց լիբանանեան օրաթերթի մը կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ ելեւմտական խորհրդատուութեան «Լազար» ընկերութեան ներկայացուցիչը, որ անցեալ շաբաթ հանդիպում մը ունեցած էր Տիապի եւ կարգ մը նախարարներու հետ, «Քորոնա» ժահրով վարակուած է եւ հետեւաբար վարակած վարչապետն ու նախարարները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Լազար» ընկերութեան ներկայացուցիչը կատարած է «Քորոնա»-ի յատուկ բժշկական քննութիւնը, եւ ի յայտ եկած է, որ ան «Քորոնա» ժահրով վարակուած չէ:

Նախորդը

Երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Որոշումով Մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը Եւ Եկեղեցական Արարողութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Միջոցներու Կիրարկման Եղանակին` Ընդգծելով Անոնց Գործադրութեան Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.