Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂՈՑ 8-ՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

January 9, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անթունիէ - ՀՄԸՄ երէկուան մրցումէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 8 յունուարին, Անթունիէ իր դաշտին` Պաապտայի մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութի ներկայացուցչական խումբը:

ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը, որ երթի մրցումները աւարտած էին առանց պարտութեան, երէկ արձանագրեցին իրենց 8-րդ յաջորդական յաղթանակը` 65-60 արդիւնքով պարտութեան մատնելով դաշտին տէրերը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով (սկիզբը նշուած են դաշտին տէրերուն նշանակած կէտերը). 24-11, 7-16, 9-15 եւ 20-23:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն աւելի կէտը նշանակեց Դաւիթ Տէր Եղիայեան (15 կէտ եւ 8 ռիպաունտ), ապա յաջորդաբար` Մարիօ Ապպուտ (14 կէտ եւ 8), Երուանդ Աւագեան (13 կէտ), Հայկ Խաչերեան (9 կէտ), Ժորժ Ղանեմ (7 կէտ եւ 11), Յարութ Տեկիրմենճեան (4 կէտ) եւ Սեւակ Քեթենճեան (3 կէտ):

Սակայն հակառակ իր նշանակած 9 կէտերուն, Հայկ Խաչերեան բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարեց եւ իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ ունեցաւ իր կարեւոր դերը:

ՀՄԸՄ-ի երէկուան համակիրներէն մաս մը (ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ` ՀՐԱՉ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ)

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրները երեք փոխադրակառքերով ուղղուած էին Անթունիէ դաշտը` քաջալերելու համար իրենց կազմը:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է` Ահիաա Ռիատա: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 11 յունուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Ինչ կը վերաբերի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Մութթահետ Թրիփոլիի մէջ 101-86 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժես Պէյրութը, իսկ նախանցեալ օր, Զահլէի մէջ Շանվիլ 104-85 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ` Անիպալի:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԹԱՏԱՄՈՆ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ` 3-1

Յաջորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 951 09/01/2012-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։