«…Խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը. դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է…». այսպէս արտայայտուած է հայ միտքի մեծ արժէքներէն Կոմիտաս վարդապետ` խօսքը ուղղելով հայ ուսուցիչներուն:
Հայ ուսուցիչը սովորական անձ չէ: Անոր պաշտօնը առաքելութիւն է, որ կը պահանջէ նուիրուածութիւն: Համախմբուելով հայկական դպրոցի երդիքին տակ` հայ ուսուցիչը կը մշակէ հայ ազգի ապագան, զայն օժտելով մարդկային վսեմ արժէքներով եւ քրիստոնէական համոզումներով:
Հայ ուսուցիչը, հայ աշակերտին հետ միասին, կը ստեղծէ հարազատ միջավայր, սփիւռքի պարագային, հայրենիքէն դուրս` փոքր հայրենիք:
Հետեւաբար անվիճելի է, որ հայ ուսուցիչը հայաշունչ դաստիարակ է, իսկ հայ դպրոցը` հայապահպանման կեդրոն:
Քաջ գիտակցելով այս բոլորին, Ուսուցչաց տօնի առիթով, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղը երախտագիտութեամբ ու սիրով կը շնորհաւորէ հայ ուսուցիչին տօնը` անոր մաղթելով համբերութիւն, ուժ եւ կորով:
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ



