ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Պատմութեան գիրքերուն մէջ կարդացած ենք բազմաթիւ պատերազմներու մասին` իրենց բազմատեսակ դրդապատճառներով: Բազմաթիւ պատերազմներ, հոգ չէ թէ ի՛նչ տեսակի ըլլան, բոլորն ալ ծառայած են նոյնանման ծրագիրներու, որոնց ծածուկ նպատակը միշտ եղած է նիւթական շահ ապահովել: Ժամանակին թագաւորութիւններ պատերազմ կը յայտարարէին, որպէսզի նիւթական հարստութիւններ դիզելով եւ մարդկային ու տարածքային բռնագրաւումներ կատարելով կարենան ամրապնդել իրենց իշխանութիւնը:
Պատմութեան բոլոր փուլերուն պատերազմելու ձեւերը բազմատեսակ փոփոխութիւններու ենթարկուած են, բայց եւ այնպէս բոլորին նպատակը մնացած է եւ կը մնայ նոյնը: Մարդը դժբախտաբար միշտ եղած է անարժէք` ռազմագէտներու եւ քաղաքական ղեկավարներու ծրագիրներուն մէջ: Մասնաւորաբար երբ ղեկավարներ քաղաքական ժամանակաւոր նուաճումներ արձանագրելու համար անմիջական բոլոր տեսակի միջոցներուն կը դիմեն` ամէնէն արագ ժամանակին հասնելու իրենց հետապնդած նպատակին, նոյնիսկ եթէ որդեգրուած միջոցները մարդկային մեծաթիւ զոհերու եւ նիւթական հսկայական վնասներու պատճառ պիտի ըլլան: Իսկ այն անձերը, որոնք ընդհանրապէս կրցած են աւելի երկարաժամկէտ յաջողութիւններ արձանագրել եւ գոյատեւել, եղած են անոնք, որոնք իրենց դիմագրաւած հարցերուն համեմատ իրենց գործունէութեան մէջ ժամանակը եղած է գլխաւոր դերակատարը, եւ շատ աւելի նուազ վնասներով կրցած են իրենց նպատակներուն հասնիլ, հոգ չէ թէ քիչ մը ուշ: Պատերազմներու նախօրեակին հնչող բոլոր գունաւոր ձայներուն խորքը սեւ է եւ միայն կործանումի կ՛առաջնորդէ, որպէսզի յետոյ վերաշինութեան եւ վերածաղկումի առիթներ ընծայուին եւ եկամուտի նոր աղբիւրներ կարելի ըլլայ ստեղծել իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ իրենց անյայտ կամ յայտնի գործակիցներուն համար, որոնք շատ յաճախ իբրեւ մրցակից կամ թշնամի կը ներկայանան հանրութեան: Քաղաքականութեան մէջ յարատեւ բարեկամ կամ թշնամի չկայ, այլ կայ փուլային շահերու համապատասխան գործակից: Այս բոլորը, վաճառականական եւ համաշխարհային տուեալներու համաձայն, կրնան ճիշդ ըլլալ: Բայց երբ մարդկային ու հոգեկան վնասները կ՛անտեսուին, եւ միայն քաղաքական ու նիւթական շահերը առաջնահերթ կը նկատուին, մարդ անհատը հետզհետէ աւելի արժեզրկուելով` միայն թիւ կը դառնայ: Կ՛արժէ մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մարդկային իրաւունքները լիովին պաշտպանել: 1948-ին որդեգրուած ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը մարդոց մարդկային տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքները պաշտպանող միջազգային փաստաթուղթը հանդիսացաւ: Սակայն դժբախտաբար այս փաստաթուղթին գործադրութիւնը մինչեւ օրս դանդաղ կ՛ընթանայ: Կարծէք պատերազմները, որոնք ենթադրաբար տնտեսական զարգացման առիթներ կրնան ընծայել պետութիւններուն, կը պարտադրեն, որ մարդկային արժանիքներու պահպանումը մեծ մասամբ մնայ անտեսուած: Մարդկային իրաւունքներու յաւելեալ պաշտպանութիւնը կրնայ պատճառ հանդիսանալ տնտեսական անկումի եւ պատերազմներու նուազումի, բայց եւ այնպէս աւելի լաւ ապրելու կարելիութեան առիթ կրնայ ընծայել մարդոց: Ժողովրդավարական սկզբունքները միշտ հիմնուած եղած են արդարութեան եւ համերաշխութեան հասկացողութիւններուն վրայ, որոնք պատմութեան բոլոր փուլերուն յաջողութեան առիթներ կրցած են շնորհել մարդոց: Այսօրուան դրամատիրական քաղաքականութեամբ աշխարհը եւ մարդկութիւնը օրըստօրէ աւելի կ՛արժեզրկուին եւ անգիտակցաբար դէպի անորոշութեան եւ մութ ճանապարհի ուղին կ՛առաջնորդուին քաղաքական թաքուն ծրագիրներու պատճառով: Աշխարհը նոր փուլի սեմին եւ մեծ փոփոխութիւններու առջեւ կը գտնուի: Համաշխարհային խաղաղութեան հաստատումը կարիքը ունի քաղաքական հաշիւներու վերատեսութեան, այլապէս մարդկային իրաւունքներու վիճակին կրած յաւելեալ նահանջով աշխարհը Համաշխարհային Բ. պատերազմի նախօրեակին պիտի վերադառնայ, ինչ որ 1948-ի ՄԱԿ-ի հռչակագիրի հիմերուն խախտման պատճառ պիտի հանդիսանայ: Յուսանք, որ յառաջիկային համաշխարհային գետնի վրայ գլխաւոր դերակատար պետութիւնները առիթ կ՛ընծայեն աւելի ապահով եւ խաղաղ մթնոլորտի ստեղծման, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ մարդկային իրաւանց լիիրաւ պաշտպանութեան համար բարեբեր հող կը պատրաստեն:



