Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Բուռն Կերպով Կը Մերժէ Թրքական Շանթաժը

March 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փարիզ. «Եւրոպան Թրքական Շանթաժին Առջեւ Պիտի Չընկրկի: Շենկենի Շրջանը Փակ  Պիտի Մնայ Թուրքիոյ Ուղարկած Գաղթականներուն Դիմաց»

Եւրոպական Միութիւնը բուռն կերպով մերժեց Թուրքիոյ կողմէ գաղթականները քաղաքական նպատակներու համար իբրեւ ճնշումի միջոց օգտագործելը:

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներքին գործոց նախարարները Պրիւքսելի մէջ արտակարգ ժողով մը գումարելէ ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Թուրքիոյ կոչ ուղղեցին` ամբողջութեամբ գործադրելու 2016 թուականին գոյացած համաձայնութեան բոլոր կէտերը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ Թուրքիոյ յայտնած է, թէ Յունաստանի հետ իր սահմանին վրայ կացութիւնը անընդունելի է, եւ թուրք պաշտօնատարներուն կոչ ուղղած է` արգիլելու յաւելեալ գաղթականներու դէպի Եւրոպա հոսքը:

«Հասկացողութիւն յայտնեցի ներկայիս Թուրքիոյ դիմագրաւած դժուարութեան նկատմամբ, սակայն շեշտեցի, որ եւրոպական սահմաններուն վրայ վերջին զարգացումները հարցը չեն լուծեր, ուստի, Սուրիոյ մէջ ամէնէն շատ վնասուած մարդոց զօրակցութեան շարունակման համար 70 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն յայտարարեցինք: Այդ գումարէն 60 միլիոնը պիտի յատկացուի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ մարդասիրական տագնապներուն: Թուրքերէն նաեւ պահանջեցինք, որ յաւելեալ ապաստանեալներ եւ գաղթականներ չքաջալերեն դէպի Եւրոպական Միութեան սահման ուղղուիլ», աւելցուց ան:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան իր կարգին յայտնեց, որ Եւրոպան «պիտի չընկրկի» գաղթականներու հարցին մէջ Թուրքիոյ գործադրած «շանթաժին առջեւ»:

Լը Տրիան ֆրանսական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Յստակ թող ըլլայ, Յունաստանի սահմաններն ու Շենկենի շրջանը փակ պիտի մնան Անգարայի ուղարկած գաղթականներուն դիմաց, եւ ատոր այդպէս մնալը պիտի երաշխաւորուի»:

Թուրքիա նշեց, որ 135 հազար գաղթականներ իր հողերէն դէպի Յունաստան ուղղուած են: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտնեց, որ գաղթականներու տագնապին լուծումը «Սուրիոյ մէջ թրքական նախաձեռնութիւններուն» եւրոպական աջակցութենէն կախեալ է:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Պարտադրուող Օրակարգեր

Յաջորդը

Ճափոնի Եւ Քալիֆորնիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութիւն` «Քորոնա»-ին Պատճառով

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շուտով Պիտի Աւարտի»

September 18, 2026
Ըստ «Կարտիըն»-ի.  Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ  Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Կարտիըն»-ի. Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել

September 18, 2026
Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու  Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է
Միջազգային

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.