Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ Լիպիոյ Դեսպանատունը Վերաբացուեցաւ

March 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ վերաբացուեցաւ Լիպիոյ դեսպանատունը` այդպիսով վերականգնելով երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները:

Դեսպանատան բացման արարողութեան առիթով Դամասկոս հասած էր լիպիական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարին:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ դեսպանատան վերաբացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիպիական դրօշի Սուրիոյ երկինքին վերեւ վերստին ծածանիլը բնական նախաքայլ մըն է այլ դրօշներու վերադարձին»:

«Երկու երկիրներուն մէջ անցնող տարիներուն արձանագրուած բոլոր դէպքերը կը հաստատեն, թէ գործակալներն ու գործիքները կը տապալին, որքան ալ այլ պետութիւնները իրենց գործակալներուն աջակցութիւն տրամադրեն», ըսաւ ան:

«Սուրիոյ դրօշը մօտ օրէն պիտի ծածանի Լիպիոյ վերեւ» աւելցուց Մքտատ:

Ան ընդգծեց. «Թշնամին մէկ է, ուստի եթէ Թուրքիան Թրիփոլիի մէջ պարտուի, ապա ատիկա անոր համար Սուրիոյ մէջ եւս պարտութիւն է, իսկ եթէ Սուրիոյ մէջ պարտուի, ատիկա անոր համար Թրիփոլիի մէջ եւս պարտութիւն է»:

Մքտատ յայտնեց, որ Սուրիան ամբողջական վստահութիւն ունի «ռուս բարեկամներուն վրայ, եւ այդտեղ որեւէ կասկած բացառուած է»:

Մէկ օր առաջ Սուրիոյ եւ արեւելեան Լիպիոյ մէջ ժամանակաւոր կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ դեսպանատուներու եւ հիւպատոսարաններու վերաբացման, միջազգային ու շրջանային բեմահարթակներու վրայ երկու երկիրներուն միջեւ, մասնաւորաբար երկու երկիրներուն դէմ թրքական միջամտութեան ու ներխուժման դիմակայման հարցով համակարգում կատարելու շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթ մը:

 

 

Նախորդը

«Քորոնա»-ի Դեղը Թերեւս Պատրաստ Ըլլայ Տարուան Վերջը Կամ Յաջորդ Տարուան Սկիզբը» Կ՛ըսէ Փենս

Յաջորդը

Մինչ Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Իտլիպի Մէջ Իր Յառաջխաղացքը. Այսօր Ռուսիոյ Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպում

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.