Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Նախընտրական Արշաւէն Դուրս Եկած Երեք Դեմոկրատականներ Զօրակցած Են Պայտընի Թեկնածութեան

March 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա նահանգի Սաութ Պենտ քաղաքի նախկին քաղաքապետ Փիթ Պութիկիկ, Մինեսոթայէն ծերակուտական Էմի Քլոպուշար եւ Թեքսասէն քոնկրեսական Պեթօ Օ՛Ռուրք, որոնք դադրեցուցած են Միացեալ Նահանգներու նախագահի 2020 թուականի ընտրութեան մէջ Դեմոկրատական կուսակցութենէն թեկնածու առաջադրուելու պայքարը, զօրակցած են Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճոզըֆ Պայտընի թեկնածութեան:

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ անոնք այդ մասին յայտարարած են Թեքսասի Տալլաս քաղաքին մէջ Պայտընի զօրակցութեան ընտրական հաւաքի ընթացքին:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ` մեկնաբանելով լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող այն տեղեկութիւնը, թէ նախագահական ընտրապայքարի մասնակից Փիթ Պութիկիկ մտադիր է դադրեցնել նախագահական ընտրութիւններու պայքարը` յայտարարած էր, որ այսօր կայանալիք նախնական քուէարկութեան ժամանակ վերջինիս քուէները պիտի ստանայ Ճօ Պայտընը, ինչ որ, ի վերջոյ, պիտի յանգեցնէ Պըռնի Սանտըրսի պարտութեան: Այս մասին Թրամփ գրած էր «Թուիթըր»-ի վրայ:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով իր աղբիւրները, հաղորդած էր, որ Ինտիանա նահանգի Սաութ Հենտ քաղաքի նախկին քաղաքապետ Փիթ Պութիկիկ որոշած է դուրս գալ դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուի ճշդման նախնական ընտրութեան ընտրապայքարէն:

«Փիթ Պութիկիկը դուրս եկաւ ընտրապայքարէն: Երեքշաբթի անոր ձայները պիտի ստանայ քնկոտ Ճօ Պայտընը: Ժամանակի ճիշդ ընտրութիւն: Այժմ դեմոկրատականները խաղէն դուրս պիտի ձգեն Պըռնին, ան դարձեալ պիտի չառաջադրուի», գրած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

Միացեալ Նահանգներու 59-րդ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 3 նոյեմբերին:

Նախորդը

«Քորոնա»-ի Զոհերուն Եւ Վարակուածներուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Յաջորդը

«Քորոնա»-ի Դեղը Թերեւս Պատրաստ Ըլլայ Տարուան Վերջը Կամ Յաջորդ Տարուան Սկիզբը» Կ՛ըսէ Փենս

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.