Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՇԱՐԱԾ ԵՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԷՆ ՇԱՏ ԱՌԱՋ

January 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011-ին Թուրքիոյ ղեկավարները թոյլ տուին լուրջ մարտավարական սխալ մը: Անոնք այնքա՛ն մտահոգ էին 2015 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընկերակցող «ցունամի»-ով, որ անտեսած էին աւելի անմիջական քաղաքական փոթորիկները:

Հայերը արագօրէն օգտուեցան Թուրքիոյ բացթողումէն` հասնելով շարք մը յաջողութիւններու.

1.- Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը:

2.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Թուրքիայէն հայկական եկեղեցիները եւ այլ կալուածներ վերադարձնել իրենց օրինական տէրերուն:

3.- Իսրայէլի խորհրդարանական յանձնաժողովը հանրային քննարկումներ սկսաւ իրականացնել` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ:

4.- Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային դատարանը կրնայ շուտով հեռակայ վճիռ մը կայացնել` ընդդէմ Թուրքիոյ հանրապետութեան:

Հակազդելով Ֆրանսայի անդրդուելի նախագահին, որ չնահանջեց վիրաւորանքներու եւ սպառնալիքներու առջեւ, Թուրքիան սկսաւ կուրօրէն աջ ու ձախ հարուածել` աւելի խորացնելով իր խնդիրները եւ խոչընդոտելով իր թեկնածութիւնը Եւրոպական Միութեան: Փարիզէն տուն կանչելով իր դեսպանը` Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինքզինք զրկեց հմուտ դիւանագէտի մը ծառայութենէն այնպիսի կարեւոր ժամանակահատուածի մը, երբ Ֆրանսայի ծերակոյտը կը պատրաստուի ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը: Դատելով նախկին փորձառութենէն` Թուրքիոյ դեսպանը շուտով պիտի վերադառնայ Փարիզ, եւ այդպիսով իր թատերական յետկանչը պիտի դարձնէ ապարդիւն գործելակերպ եւ պիտի արժանանայ դիւանագիտական համայնքի ծաղրանքին: Տուն կանչելով իր դեսպանը ամէն անգամ, երբ որեւէ երկիր ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ ընդունի Անգարայի ցանկութիւններուն հակառակ որոշում մը, Թուրքիան պարզապէս ինքզինք կը մեկուսացնէ արտաքին աշխարհէն:

Թուրքիան իր շահերուն ա՛լ աւելի վնաս հասցուց` սպառնալով պոյքոթի ենթարկել «ոչ բարեկամ» համարուող երկիրներէն ներածուած ապրանքները: Թուրքիան պարզապէս կը վնասէ իր սեփական տնտեսութեան` այլ աղբիւրներէ ցածորակ ապրանքներ գնելով` աւելի բարձր գիներով: Աւելի՛ն. եթէ Թուրքիա դադրի գնելէ բարձր արհեստագիտական ապրանքներ, ինչպիսիք են մարդատար օդանաւերն ու արդիական հրթիռները` զանոնք արտադրող այն սակաւաթիւ երկիրներէն, ապա Թուրքիան կ՛ունենայ միայն օդային փոխադրութեան հինցած համակարգ, ինչպէս նաեւ` ռազմական թոյլ ուժ: Այնուամենայնիւ, վերջին օրերուն Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը վախնալով` հրաժարեցաւ ֆրանսական ապրանքները պոյքոթի ենթարկելու իր ճոռոմ սպառնալիքներէն, երբ հասկցաւ, թէ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւնը խիստ պատիժներ պիտի կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ, եթէ վերջինս խախտէ իր անդամակցութեան պայմանները:

Անդրադառնալով եկեղեցիները վերադարձնելու Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ընդունած բանաձեւին` Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ անոր լոպիիստական մեծածախս ընկերութիւնները ամբողջութեամբ անպատրաստ էին դիմակայելու նման զգայուն հարց մը: Անոնք մեծ փորձառութիւն ձեռք բերած են Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերը տապալելու հարցով, սակայն ոչ մէկ գաղափար ունէին այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պայքարին այսպիսի օրինագիծի դէմ, որով կը պահանջուէր վերադարձնել եկեղեցիները եւ այլ կալուածներ իրենց համապատասխան քրիստոնէական համայնքներուն: Հետեւաբար բանաձեւը ընդունուեցաւ ձայներու 43-1 յարաբերակցութեամբ, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին եւ բոլոր անդամներու աւելի քան երկու երրորդ ձայներով: Առաջին անգամ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը պահանջէ, որ Թուրքիան վերականգնէ Ցեղասպանութեան զոհերուն իրաւունքները, եւ ոչ թէ պարզապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Յառաջիկայ տարիներուն եւ ամիսներուն հայերը միջազգային կազմակերպութիւններուն, բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններուն, ինչպէս նաեւ ինքնի՛ն Թուրքիոյ կառավարութեան պիտի ներկայացնեն իրենց պահանջներուն ամբողջական ցանկը:

Երրորդ դրական զարգացումը տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, երբ Քնեսեթի կրթութեան հարցերով յանձնաժողովը աննախադէպօրէն երեք ժամ տեւողութեամբ հանրային լսումներ ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` հակառակ Թուրքիոյ, անոր քծնող Ազրպէյճանին եւ Նեթանիահուի կառավարութեան ճնշումին: Կ՛ակնկալուի, որ պատկերասփիւռներու տեսախցիկներուն առջեւ եւ ոչ թէ փակ դռներու ետին կայացած այս քննարկումը պիտի շարունակուի աւելի ուշ: Իսրայէլի կառավարութեան պատիւ չի բերեր, որ ան շարունակէ խափանել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը` յուսալով, որ կրկին պիտի շահի Թուրքիոյ վստահութիւնը եւ զինակցութիւնը: Զանգուածային սպանութիւններ իրականացնողի մը հետ քաղաքական խաղեր խաղալու փոխարէն` նախընտրելի է, որ Նեթանիահուի կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` յանուն ի՛ր իսկ հեղինակութեան:

Վերջին նպաստաւոր զարգացումը Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային դատարանին կողմէ` Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ երկու հայցերով հաւանական հեռակայ վճիռ արձակելն է. այդ վճիռով կը պահանջուի հատուցում կատարել Ցեղասպանութեան ժամանակ առգրաւուած հայկական կալուածներուն դիմաց: Նման վճիռ մը խիստ զգուշացում պիտի ըլլայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, առ այն, որ անոնք այլեւս չեն կրնար վայելել Ցեղասպանութեան զոհերու արիւնոտ դրամներէն ստացուած ու անարդարօրէն վաստակած գումարները:

2015-ին նախատեսուելիք հայկական «ցունամի»-էն տակաւին շատ առաջ Թուրքիան շարունակաբար կը բախի ճնշումներու, որոնք կ՛առնչուին մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ աւելի մեծ յարգանքի, քիւրտերու ինքնիշխանութեան, ինչպէս նաեւ հայկական աւելի խիստ պահանջներու, միաժամանակ ունենալով լուրջ խնդիրներ գրեթէ իր բոլոր հարեւաններուն հետ: Ներքին եւ արտաքին լուրջ մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած թրքական վարչակարգը, նուազ վտանգ կը սպառնայ թէ՛ իր բնակչութեան եւ թէ՛ իր հարեւաններուն, եւ շատ հաւանական է, որ լուծէ անցեալի անարդարութիւնները եւ ներկայի հակամարտութիւնները:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ. ՈՎ` Ո՛Վ Է, ԿԱՄ ՅԻՇԵՑՆԵԼ ՈՉ ՀԵՌՈՒ ԱՆՑԵԱԼԸ

Յաջորդը

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ԵՍ ՄԵՂԱՒՈՐ ԵՄ ՈՒ ՄԵՂԱՆՉԱԿԱՆ…»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։