Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, Լիբանանեան համալսարանը կիրակի, 8 մարտին կը կազմակերպէ միջհամալսարանական վազքի մրցումը (Քրոս-Քաունթրի), Ռաֆիք Հարիրիի անուան համալսարանին մէջ (Հատաթ): Անիկա պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
Համալսարանը այս վազքի մրցումը պիտի կատարէ գործակցութեամբ համալսարաններու աթլեթիզմի յանձնախումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին:
Նշուեցաւ, որ 4 քմ վազքի մրցումին մասնակցողները պիտի ըլլան իգական սեռէն, մինչ տղաքը պիտի մասնակցին 6,5 քմ մրցումին:



