Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՆՆԴԱՌԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՁԵՐ ՍԻՐԵԼԻՆԵՐՈՒՆ ԸՍԷՔ, ԹԷ ԳԷՐ ԵՆ

January 9, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՍՆԱՒՈՐԱԲԱՐ ՄԷՋՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ԿՈՒՏԱԿՈՒԱԾ ՃԱՐՊԸ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵԼ.

Տօնական օրերը շատերը կը մղեն յաւելեալ կերուխումի: Սակայն առողջապահութեան մասնագէտներ կը հաւատան, թէ այս օրերը լաւագոյն առիթն են մեր սիրելիներուն ըսելու, թէ իրենց բնական ծանրութենէն աւելի կը կշռեն:

Բրիտանիոյ մէջ Սոնքութեան ազգային համախմբումը եւ Սրտաբանական վտանգներու ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոնը կը յայտարարեն, թէ անհրաժեշտ է անկեղծօրէն արտայայտուիլ, որովհետեւ առողջական վտանգները շատ մեծ են:

Բնական ծանրութենէն աւելի կշռելը, մանաւանդ մէջքին շուրջ կուտակուած ճարպը կ՛աւելցնէ շաքարախտի, սրտի հիւանդութիւններու եւ սրտի կաթուածի վտանգները:

Սակայն վերոնշեալ կազմակերպութիւններուն կողմէ կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն, շատեր կը խուսափին հարցէն:

Աւելի քան 2000 հոգիի վրայ կատարուած վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ 18-24 տարեկան անձերուն 42 առ հարիւրը սիրելիի մը պիտի չհամարձակէր ըսել, թէ պէտք է նիհարնայ, այն մտավախութեամբ, թէ կրնայ վիրաւորել անոր զգացումները:

Համեմատութիւնը 30 առ հարիւրէն քիչ մը աւելի է 25-44 տարեկան անձերու քով, իսկ տարիքով աւելի մեծ անձերէն չորսէն մէկը յայտնած է իր վերապահութիւնը:

Ամէնէն աւելի տղամարդիկ կը դժուարանան իրենց կողակիցին ըսելու, թէ պէտք է նիհարնան, իսկ կիներուն համար աւելի դժուար է իրենց մէկ բարեկամուհիին խօսիլ նիհարնալու մասին:

Սակայն, նկատի ունենալով, որ տօնական օրերու առիթով ընտանիքներ եւ բարեկամներ կը մէկտեղուին, մասնագէտներ կը հաւատան, թէ պէտք չէ փախցնել առիթը:

Վերջին տարիներուն առողջապահութեան մասնագէտներ հետզհետէ աւելի կը խօսին անբնական սոնքութեան մասին, որ հիմնականին մէջ ստամոքսին շուրջ կուտակուած ճարպն է:

Անոնք կը յանձնարարեն, թէ տղամարդոց մէջքին լայնքը պէտք է 94 սմ-էն պակաս ըլլայ, իսկ կիներուն մէջքին լայնքը` 80 սմ-էն պակաս:

Մէջքին շուրջ կուտակուած ճարպը կ՛առնչուի բնասպիտներու (փրոթին) եւ գեղձերու արտադրութեան հետ, ինչ որ իր ներգործութիւնը կ՛ունենայ մարմնին մէջ ճարպի եւ շաքարի նիւթերը հալեցնելու վրայ:

Բրիտանիոյ մէջ Սոնքութեան ազգային համախմբումի ներկայացուցիչ Տէյվիտ Հասլամ կ՛ըսէ. «Թերեւս քանի մը քիլոկրամ նիհարնալու մասին մէկուն խօսիլը դիւրին չէ: Սակայն, եթէ ձեր մտերիմներէն մէկը ունի լայն մէջք մը, ապա նուրբ ձեւով այս մասին խօսիլը կրնայ օգնել, որ ան ապագային խուսափի առողջական լուրջ վտանգներէ, եւ նոյնիսկ` փրկել անոր կեանքը»:

Սրտաբանական վտանգներու ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոնի գիտական բաժնի տնօրէն Ժան Փիեռ Տեփր համաձայն է: Ան կ՛ըսէ. «Նախ կարելի է մօտիկ անձի մը առաջարկել, որ կատարէ կենցաղային պարզ փոփոխութիւններ, օրինակ` վարէ աւելի աշխուժ կեանք մը, որոշ փոփոխութիւններ կատարէ սննդառական իր սովորութիւններուն մէջ եւ շաքար պարունակող ըմպելիները փոխարինէ ջուրով»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

Յաջորդը

ՍՆՆԴԱՌԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԱՐԶԱՆՔԸ` ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՉԱՓԵԼՈՒ ՁԵՒ ՄԸ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։