Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը 100 Միլիոն Տոլարէն Աւելի Աջակցութիւն Կը Պահանջէ Հայաստանի Եւ Արցախի Համար

March 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չու Եւ Քոսթա Վկայութիւն Տուին`
Արցախի Ականազերծման Աջակցութեան Ի Նպաստ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը` Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբի ատենապետ Նիթա Լոուիի յղուած նամակով մը, կոչ ուղղեց, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2021-ի ամավարկին մէջ առնուազն 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւն նկատի առնուի Հայաստանին ու Արցախին:

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն եւ Ճեքի Սփիր, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ նամակին մէջ կը շեշտեն, որ Հայաստանին յաւելեալ աջակցութիւն հարկաւոր է` զարկ տալու համար Հայաստանի մէջ մամլոյ ազատութիւն, արդարադատութեան անկախութիւն եւ զեղծարարութեան դէմ աւելի ազդու պայքար երաշխաւորելու ջանքերուն` աւելցնելով, որ Արցախի պարագային աջակցութիւնը կենսական է յատկապէս ականազերծման նպատակով սկսած աշխատանքին ամբողջացման համար:

Քոնկրեսականները կ’առաջարկեն հետեւեալները.

– 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Հայաստանին` ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական գործակցութիւնը.

– 1,5 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Արցախի մարդասիրական կենսական նպաստներ տրամադրելու ջանքերուն եւ ականազերծման աշխատանքները ամբողջացնելու համար.

– Արցախի դէմ արտաքին գործոց նախարարութեան հաստատած ճամբորդական եւ հաղորդակցութեան յարաբերութիւններու արգելքներու վերացում.

– Արգիլում Ազրպէյճանին որեւէ ռազմական աջակցութեան, մինչեւ այն ատեն որ Պաքուի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին:

Նշեալ քոնկրեսականներուն կողքին Տէյվիտ Սիսիլին, Աննա Էշու, Քերոլայն Մըլոնի, Պարպարա Լի եւ Կրէյս Նափոլինաթօ եւս ստորագրեցին նամակին տակ:

Միւս կողմէ, քոնկրեսականներ Ճուտի Չու եւ Ճիմ Քոսթա, հակադարձելով յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկին մէջ արտաքին օժանդակութիւնները կրճատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ներկայացուած առաջարկին, որուն զոհերէն մէկը կրնայ ըլլալ Արցախը ականազերծելու ծրագիրը` Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբին առջեւ վկայութիւններ տուին` շեշտելով ականազերծումը իր լրումին հասցնելու կենսական կարեւորութիւնը:

Քոնկրեսականները կոչ ուղղեցին` 10 միլիոն տոլար տրամադրելու այս նպատակին` յիշեցնելով, որ 10 միլիոն տոլարը միայն 10 տոկոսն է արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ազրպէյճանի համար առաջադրուած 100 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութեան:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց այս քայլերը: Յիշեցնենք, որ Հայ դատի յանձնախումբ երկու շաբաթ առաջ կոչ ըրած էր ամերիկահայութեան, որ Քոնկրեսին վրայ ճնշում բանեցնէ` Արցախի եւ Հայաստանի յատկացուելիք օժանդակութիւններ ապահովելու համար:

Նախորդը

Հեռահաս Հորիզոններ. Եթէ Հասնի Թուրքիոյ Տարանջատման Պահը…

Յաջորդը

Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Պաքուի Եւ Սումկայիթի Հայկական Ջարդերը Դատապարտող Յայտարարութիւններ Հնչեցին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.