Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սո՞ւգ, Թէ՞ Պայքար

February 29, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՍ

Ապրիլ ամիսը հասնելէ, եւ բոլոր «ազգասէրներու» նոյն քարոզները լսելէ առաջ, մտածեցի սկիզբէն գրել ձեզի իմ մտածումներուս մասին:

1915-ին Ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք, այո՛, բայց նաեւ կարգ մը շրջաններու, ինչպէս` Վանի, Շապին Գարահիսարի, Մուսա Լերան եւ այլ շրջաններու մէջ հերոսամարտեր տեղի ունեցան: Ապրիլ ամսուան ընթացքին կը յիշենք Թուրքիոյ գործած ոճիրը, բարբարոսութիւնը եւ արիւնարբու արարքները, սակայն յաճախ կը մոռնանք այս հերոսամարտերուն ընթացքին մեր ժողովուրդին սխրագործութիւնները, անոր մղած անհաւասար կռիւը անիրաւութեան դէմ եւ զոհողութիւնը` ի սէր հայրենիքին եւ մայր հողին: Այս հերոսամարտերու ընթացքին հայերը փորձեցին ձախողութեան մատնել Թուրքիոյ կողմէ բծախնդրօրէն ծրագրուած Ցեղասպանութիւնը:

Նշանաւոր հերոսամարտերէն մէկն էր Վանի հերոսամարտը, որուն ընթացքին վանեցիները յաջողեցան ինքնապաշտպանութեան շնորհիւ` ուշացնել աղէտը: Պատերազմի բռնկմամբ, արդէն իսկ Վանի քաղաքացիները վտանգի մէջ կը գտնուէին, մանաւանդ որ մօտակայ շրջաններուն մէջ սկսած էին բախումները, եւ աղէտը հեռու չէր: Սակայն Արամ Մանուկեանը, Ա. Վռամեանը եւ Վանայ Իշխանը, ինչպէս նաեւ իրենց ընկերները վճռած էին ճակատագրին չյանձնուիլ: Դժբախտաբար թուրքը յաջողեցաւ սպաննել Իշխանը եւ ձերբակալել Ա. Վռամեանը: «Փոթորիկը թաղին ծայրն էր», սակայն շնորհիւ Արամ Մանուկեանի առաջնորդի յատկութիւններուն ու պայքարի ոգիին` Վանի ժողովուրդը խանգարեց թուրքին ծրագիրը: Արամ Մանուկեան յաջողեցաւ խրախուսելՎանի ժողովուրդը` անոնց մէջ արթնցնելով պայքարի ոգին, այս պատճառով ալ դարձաւ հայոց կենդանի կայծքարին հրահանը: Մօտաւորապէս երկու հարիւր հազար հայեր փրկուեցան` շնորհիւ Վանի հերոսամարտին: Հաւանաբար հայութեան պատկերը տարբեր ըլլար, եթէ ամէն շրջանի մէջ ապստամբութիւններ տեղի ունենային: Արդեօք ինչե՞ր կարելի պիտի ըլլար ընել, եթէ ամէն շրջան ունենար իր Արամը: Ամէն կայծքար ժողովուրդ ունենար իր հրահանը…

1915 յունիս… Սուգ տիրած էր Շապին Գարահիսարի մէջ: Թուրքերը սկսած էին կողոպուտի, ձերբակալութեան եւ ջարդերու: Ժողովուրդը սկսած էր յուսահատիլ, սակայն ղեկավարները ժողովուրդին թելադրած էին չկռուիլ, «պատրաստ վիճակի մէջ մնալ»: Երբ վիճակը անհանդուրժելի կը դառնայ, երիտասարդ դաշնակցականները կը սկսին կռուելու ու ապստամբելու: Արդէն իսկ ժողովուրդը համախմբուած ու միակամ էր ընդդէմ թշնամիին` թուրքին: Այսպիսով, սկսաւ ինքնապաշտպանութիւնը, ամբողջ ժողովուրդը, առանց խտրութեան, ոտքի ելած էր թուրքին դէմ կռուելու:

Դժբախտաբար հայ դաւադիրներ տեղեակ պահած էին թուրքերը` յարձակումի ծրագիրին մասին, որուն շնորհիւ անոնք անակնկալի մատնեցին հայկական խումբերը: Այսպիսով, զօրաւոր հարուած մը պիտի ստանար արդէն իսկ սովէն տառապող հայութիւնը: Այլեւս ճար չկար, եւ ճերմակ դրօշը պիտի բարձրանար: Այս անարդար պայքարը տեւեց 18 օրեր, որոնց ընթացքին հայ ժողովուրդը կռուեցաւ միասնակամութեամբ: Հայութեան այս հոգեվիճակը հասած էր այնպիսի հանգրուանի մը, երբ անոնք պէտք էր ընդունէին ճակատագրային իրավիճակը:

Այս հերոսամարտերը կենդանի փաստեր են հայուն մարտունակ եւ հայրենասէր ոգիին, անոր պատրաստակամութեան` կռուելու եւ զոհուելու հայրենի հողին սիրոյն: Վանի, Շապին Գարահիսարի ու Մուսա Լերան բնակիչները ապստամբեցան թուրքին դէմ եւ գիտակցաբար մահն ու նահատակութիւնը ընտրեցին` փոխան ստրկամիտ նահանջին եւ անձնատուութեան փոխարէն:

Այս հերոսամարտերը թրքական ծրագիրի իրագործման թափը կոտրեցին: Արդեօք եթէ հայկական բոլոր շրջանները միակամ կերպով դիմէին ապստամբութեան, 1915-ի ջարդերու պատկերը նոյնքան ցաւալի եւ ահաւոր պիտի ըլլա՞ր, թէ՞ արդեօք ապրիլ 24-ը անկախութեան օր պիտի հանդիսանար: Արդեօք կ’ունենայի՞նք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան մը: Եւ ի՞նչ պիտի ըլլար մեր սփիւռքահայերուս իրավիճակը, արդեօք գոյութիւն կ՛ունենայի՞նք:

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Հայ Երիտասարդը Անտարբեր Դարձած Է Ազգային Կեանքին Հանդէպ

Յաջորդը

«Դաշնակցական Ուսանողութիւնը Խորքին Մէջ Դաշնակցական Կազմակերպական Եւ Գաղափարական Ոլորտի Տարրալուծարանը Պէտք Է Ըլլայ», Կ՛ըսէ Տիգրան Ճինպաշեան

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.