Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակն ու Կեդրոնական դրամատան աշխատանքները:

ՓՈՒՌԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Քազեմ Իպրահիմ երէկ պաշտօնապէս հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: Ան իր հրաժարականին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց իր բոլոր գործընկերներուն, որոնք 52 տարի շարունակ գործակցեցան իրեն հետ եւ յաջողութիւն մաղթեց սենտիքայի յաջորդ նախագահին:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Տըմիանոս Քաթթար ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ ժամանակաշրջանին Լիբանանի դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Քանատայի, Զուիցերիոյ եւ Նորվեկիոյ դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական եւ ելեւմտական զարգացումները:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան արտադրութիւնները Սուրիոյ սահմաններէն Յորդանան, Իրաք եւ Ծոցի երկիրներ հասցնելու դիւրութիւնները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար հանդիպումներ ունեցաւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Ազարի եւ Ըսթֆեն Տուէյհիի հետ: Քննարկուեցան տարբեր շրջաններուն կարիքներուն վերաբերող հարցեր:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Չաքըլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր է, սակայն կան կարգ մը տուեալներ, որոնք լաւատեսութիւն կը ներշնչեն:

ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ վարկերու հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Ռոնի Լահուտ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, որ բնակարանային վարկերուն վերաբերող տոկոսները 3 առ հարիւրով պիտի նուազին, պիտի սկսի գործադրուիլ 1 ապրիլ 2020-էն սկսեալ:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան փոխնախագահ Հասան Ֆաքիհ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն, որ լիբանանեան պետութեան «Եուրոպոնտ»-ի նիւթական պարտաւորութիւնները կատարուին դրամատուներուն մէջ փոքր գումարներ ունեցող քաղաքացիներուն հաշիւներէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Մերթ Ճուլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց` քաղաքական տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարը վերածելու ազգային միասնականութեան առիթի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քամիլ Պու Սլէյման ընդգծեց, որ պետութեան կողմէ պէտք է առաջնահերթութիւն նկատուին դրամատուներուն մէջ լիբանանցի քաղաքացիներուն ունեցած հաշիւները, առանց մտածելու երկրին նիւթական պարտաւորութիւնը անոնց ընդմէջէն կատարել:

 

Նախորդը

Շնորհակալական Այցելութիւն` Սուրիոյ Դեսպանատուն

Յաջորդը

Ռամփլինկ. «Լիբանանի Դիմագրաւած Տնտեսական Տագնապը Ծանր Է, Իսկ Բրիտանիա Յաւելեալ Զօրակցութիւն Կը Տրամադրէ»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.