Հայաստանը ներկայացնող Սամուէլ Պետրոսեան կը շարունակէ կէս կէտով ետ մնալ «Այրոֆլոթ օփըն» 2020-ի ճատրակի մրցաշարքին յառաջատարէն:
Ա. մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն Մանուէլ Պետրոսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
Յաղթանակ արձանագրեց միայն Շանթ Սարգսեան:
Անոնց մէջ ներկայիս ամէնէն աւելի շատ կէտ (5) ապահոված է Պետրոսեան:
Բ. մրցաշարքին գծով Յովիկ Հայրապետեան-Տիգրան Յարութիւնեան հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Էլինա Դանիէլեան, Աննա Սարգսեան յաղթեցին, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան պարտուեցաւ:
Այժմ եօթը ճատրակ խաղացողներ 5,5-ական կէտով կը բաժնեն առաջին դիրքը: Անոնց կարգին են նաեւ Տիգրան Յարութիւնեան, Յովիկ Հայրապետեան եւ Աննա Սարգսեան:
Մրցաշարքին աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն:



