Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դրամատուներուն Մէջ Գտնուող Լիբանանցիներուն Գումարները Սրբութիւններուն Սրբութիւնը Կը Նկատուին» Շեշտեց Պըրրի

February 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ բոլորին յոյսերը կեդրոնացած են Լիբանանի նաւթի հարստութեան վրայ` աւելցնելով, որ այդ յոյսերը իրականացնելու համար պէտք է յարմար գործիքակազմերու դիմենք` փրկելու համար Լիբանանը տնտեսական եւ ելեւմտական ծանր վիճակէն, ինչպէս նաեւ ազատելու համար լիբանանցիները, իրենց դիմագրաւած ծանր տագնապէն:

Անդրադառնալով «Եուրոպոնտ»-ի նիւթական պարտաւորութեան թղթածրարին` Պըրրի յայտնեց, որ այդ գծով տրուելիք որոշումը պէտք է ըլլայ ազգային որոշում մը, որ աւելորդաբանութեան եւ տարակարծութիւններու ենթակայ չէ, որպէսզի կարելի ըլլայ յանձնառու մնալ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերուն ապահովման:

«Դրամատուներուն մէջ գտնուող լիբանանցիներուն գումարները անոնց յոգնութեան, աշխատանքին, ճակտին քրտինքին արգասիքն են, ուստի նաեւ անոնց ապագան ու զաւակներուն ապագան կը նկատուին եւ կը հանդիսանան սրբութիւններուն սրբութիւնը», հաստատեց Պըրրի:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարը` ընկերակցութեամբ ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ քանի մը ժամէն պիտի սկսի լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող չորրորդ նաւթահորին պեղումը:

Հանդիպումէն ետք Ղաժար յայտնեց, որ Պըրրիի այցելած են ազդարարելու նաւթահորի պեղման մեկնարկը` աւելցնելով, որ պեղման աշխատանքը պիտի աւարտի առաւելագոյնը 60 օրէն: «Աշխատանքի աւարտէն ամիս մը ետք պիտի ճշդուին այդ պեղումին արդիւնքները` այն յոյսով, որ այդ արդիւնքները ըլլան դրական», հաստատեց Ղաժար:

Յետմիջօրէին Պըրրիի այցելեցին ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի եւ ելեւմտական հարցերու ու պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որոնք քննարկեցին երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են շարք մը տեսակէտներ, որոնց արձագանգը կարելի պիտի ըլլայ շօշափել յառաջիկայ օրերուն:

«Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարն ու պետական գանձարկղին վերաբերող մանրամասնութիւնները քաղաքական բախումի մթնոլորտին մէջ չեն կրնար գոյատեւել, իսկ պահանջուածը այն է, որ ազգային առումով մտածենք յարմարագոյն լուծման մասին` նկատի ունենալով ապագայ ծրագիրները: Այս հարցը կը հետաքրքրէ բոլոր լիբանանցիները, իրենց կուսակցական թէ կրօնական տարբեր պատկանելիութիւններով, իսկ այս խնդրին լուծումէն կախեալ է Լիբանանի նկատմամբ վստահութեան վերահաստատումը», ընդգծեց Քանաան:

Ան նշեց, որ «Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարին առումով երկրին քաղաքական պլոքները գրեթէ համակարծիք են` աւելցնելով, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին կառավարութեան` բանակցելու Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնները վերադասաւորելու շուրջ:

Քանաան ընդգծեց, որ նիւթական պարտքը վճարելու կամ չվճարելու մասին ոչինչ պէտք է խօսուի` նախքան գիտական եւ օրինական չափանիշներու վրայ բանակցութիւններ կատարելը:

Ան շեշտեց, որ դրամատուներուն մէջ լիբանանցի քաղաքացիները խայտառակ վիճակի մատնելը խիստ մերժելի է:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Հայ Դատ = Արցախահայութեան Դատ

Յաջորդը

Վաւերացուեցաւ Բժշկական Նպատակներով Կանեփի Ցանքը Օրինականացնելու Առաջարկը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.