Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ Իրաքի Վարչապետին Հետ Քննարկած Է Ամերիկացի Դիւանագէտներու Եւ Կեդրոններու Պաշտպանութեան Հարցը

February 26, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Իրաքի վարչապետի պաշտօնակատար Թուֆիք Ալլաուիի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկած է միջին արեւելեան երկիրներու մէջ ամերիկացի դիւանագէտներու եւ ամերիկեան կեդրոններու պաշտպանութեան հարցը: «Ֆրանս 24» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Միջին Արեւելքի մէջ իրավիճակը սրեցաւ դեկտեմբերի վերջաւորութեան, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Հըզպալլայի ջոկատներ խմբաւորման դիրքերուն դէմ ամերիկեան յարձակումներէն ետք: Խմբաւորման անդամները հակադարձեցին` Պաղտատի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դէմ յարձակումով, որմէ ետք ալ ամերիկեան բանակի յատուկ գործողութեան ընթացքին Պաղտատի միջազգային օդակայանին մօտ սպաննուեցաւ իրանեան «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին եւ իրաքեան շիի Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխղեկավար Ապտելմահտի Մուհանտեսը: Միացեալ Նահանգներ զանոնք մասնակից կը նկատէ դեսպանատան դէմ յարձակումի կազմակերպման:

«Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Իրաքի պատասխանատուութիւնը դիւանագէտներու, ամերիկեան եւ Դաշնակից ուժերու եւ կեդրոններու պաշտպանութեան համար», ըսուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետն ու Իրաքի վարչապետի պաշտօնակատարը քննարկած են նաեւ Իրաքի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեման, իրաքցի քիւրտերու հետ հարցերու լուծումը, շիի բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, երկրին մէջ բարեփոխումները, ժողովրդավարութեան ամրապնդումը եւ ցուցարարներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Շաբաթ օր քաղաքական ազդեցիկ գործիչ եւ Իրաքի շիի բնակչութեան հոգեւոր ղեկավարներէն Մուքթատա Սատըր սպառնացած էր Պաղտատի փողոցներ հրաւիրել իր միլիոնաւոր կողմնակիցները, եթէ խորհրդարանը այս շաբաթ վստահութիւն չյայտնէ Ալլաուիի կառավարութեան:

Վերջինս խոստացած է, որ իր կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան քուէէն անմիջապէս ետք իր կառավարութիւնը պիտի սկսի ցուցարարներու եւ ապահովական ուժերու անդամներու սպանութիւններու հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ ազատ պիտի արձակէ «խաղաղ ցուցարարները»: Ան նաեւ յայտարարած է, որ միջոցներու պիտի ձեռնարկուին Իրաքի մէջ ազատ արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու համար:

Իրաքի մէջ ցուցարարները հոկտեմբեր 2019-ի սկիզբէն ի վեր շարունակուող բողոքի ցոյցերու ընթացքին կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը, փտածութեան, անգործութեան դէմ պայքար, կեանքի պայմաններու բարելաւում:

Բողոքի ցոյցերուն ընթացքին բախումներու եւ անկարգութիւններու իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է աւելի քան 600 զոհ, վիրաւորուած է շուրջ 50 հազար անձ:

 

 

Նախորդը

«Լիպիան Օրական 60 Միլիոն Տոլար Կը Կորսնցնէ Իր Քարիւղի Արտածման Դէմ Արգելքին Պատճառով» Կ՛ըսէ Պորել

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա» Ժահրին Առնչուած Իրավիճակը Վերահսկողութեան Տակ Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.