Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց մեծերու հաւաքականը Աբովեան քաղաքին մէջ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը:
Հաւաքականին մարզիչ Վիգէն Խաչատրեան ըսաւ, որ տասնմէկ ծանրաբարձներուն հաւաքը կ՛աւարտի 7 մարտին:
Անոնց կը միանան նաեւ հինգ երիտասարդ մարզիկներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի ախոյեանութեան: Իսկ մեծերու հաւաքականը կը պատրաստուի Եւրոպայի ախոյեանութեան:



