Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապին Եւ Յատկապէս Տնտեսական Հետեւանքներուն Վերաբերող Զեկուցական Հանդիպում Հայաշէնի Մէջ

February 18, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 14 փետրուարի երեկոյեան Հայաշէնի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանը կլանած տագնապին եւ յատկապէս տնտեսական հետեւանքներուն մասին զեկուցական հանդիպում մը, որուն ընթացքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան ներկայացուց տագնապին տնտեսական բաժինը`  լուծման պատկերացումներ տալով:

Հանդիպումին հիմնական նպատակն էր  համայնքին զաւակները տեղեակ պահել 17 հոկտեմբերին սկսած ժողովրդային շարժումին, ստեղծուած տագնապին ծալքերուն եւ մանրամասնութիւններուն մասին:

ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց Եղիկ Թաշճեան, որ նշեց տագնապը դիմակալելու համար գաղութին դիմագրաւած խնդիրներուն եւ հարցերուն որոշ լուծումներ բերելու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին տարած աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, որ լիբանանահայ գաղութը միացեալ շարքերով պիտի յաջողի տագնապը շրջանցել այս անգամ եւս: Ան լուսարձակի տակ առաւ ժողովուրդ-կուսակցութիւն եւ համակիր-ակումբ կապի ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, որ քաղաքական տագնապին վրայ ընդհանուր ակնարկ մը նետելէ ետք, առաւելաբար կեդրոնացաւ տնտեսական իրավիճակին վրայ եւ տարբեր մարզերու պարզած իրավիճակներուն մասին խօսելով` ներկայացուց տուեալ մարզին դիմագրաւած խնդիրներուն էութիւնը, լուսարձակի տակ առաւ տուն տուող պատճառները` առաջադրելով լուծման որոշ պատկերացումներ եւ հեռանկարային առաջարկներ:

Զեկուցումէն ետք երեսփոխան Թերզեանին ուղղուեցան հարցումներ, որոնց պատասխանելով` ան յաւելեալ բացատրութիւններ ու լուսաբանութիւններ տուաւ եւ առաւել յստակացուց ներկայացուած խնդիրին մասին իր պատկերացումները:

 

Նախորդը

Հանդիպում` Հըզպալլա – Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն

Յաջորդը

Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Պայքարի Նշում Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան  Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն

October 10, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով  Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն

October 10, 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ
Գաղութային

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.