Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էսփըր. «Լիբանանի Դիմագրաւած Հարցերուն Պատճառը Իրանն Է»

February 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած հարցերուն եւ տագնապներուն պատճառը Իրանն է:

Անդրադառնալով Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք օժանդակութեան` Էսփըր յայտնեց, որ այդ թղթածրարը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուութիւնն է, «սակայն լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւններուն առնչութեամբ, մենք յանձնառու կը մնանք», ըսաւ ան:

Էսփըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ապահովական իմաստով Լիբանանին հսկայ օժանդակութիւն կը տրամադրէ, առանց ուշադրութիւն գրաւելու: «Բայց եւ այնպէս Միջին Արեւելքի հարցը կը մնայ Իրանը, որ 40 տարիէ ի վեր, յատկապէս Լիբանանի մէջ, թունաւոր քաղաքականութիւն կը վարէ», նշեց ան:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ նկատել տուաւ, որ ինք կը դատապարտէ Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ իրանեան միջամտութիւնները` ընդգծելով, որ Իրան իր շահերուն իրականացման համար կը շահագործէ Լիբանանի եւ Իրաքի երիտասարդները:

Նշենք, որ ամերիկացի ժողովրդավարական ծերակուտական Ճէյն Շահին յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Լիբանանի դէմ խիստ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին, եթէ ան ազատ չարձակէ ամերիկեան քաղաքացիութիւն կրող Ամեր Ֆախուրին:

Շահին շեշտեց, որ Ֆախուրի լիբանանեան իշխանութիւններուն մօտ բանտարկուած է` հակառակ անոր որ անոր դէմ քրէական ոչ մէկ փաստ գոյութիւն ունի:

«Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է իմանայ, որ Ֆախուրիի արգելափակումը շարունակելու պարագային իր դէմ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Հռոմի Մէջ. «Մենք Կարիքը Ունինք Մեր Ազգային Միասնականութեան Եւ Ժողովրդային Պահանջներուն Գործադրութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Կը Մեծարէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.