Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ

January 6, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է` նոր արարած է. այլեւս չէր ան, ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ: Եւ այս նորոգութիւնը կու գայ Աստուծմէ, որ Քրիստոսի միջոցով մեզ իրեն հետ հաշտեցուց եւ նաեւ պաշտօն տուաւ մեզի ուրիշներն ալ հաշտութեան բերելու»: ( Բ. Կորնթացւոց 5:17-18)

 

Ս. Ծննդեան գիշերին, երկինքի հրեղէն հրեշտակաց դասուց մեղեդիները երկրի հողեղէն մարդոց  աւետեցին Փրկիչի ծնունդը: Եւ Փրկիչի ծննդեան աւետիսը ուրիշ աւետիսի մը բերկրանքով պատեց մարդիկը, որոնք ակն ունէին Փրկիչին գալստեան եւ հետեւաբար կրկնակի ուրախութիւն ապրեցան, երբ լսեցին ու տեսան խոստացուած Փրկիչին համար կատարուած խոստումին իրականացումը:

Ս. պատարագի  արարողութեան ընթացքին, հաւատացեալներուն ի լուր Աստուածաշունչէն երեք բաժիններ կը կարդացուին. Հին կտակարանէն մարգարէներու գիրքերէն, Նոր կտակարանի առաքեալներու նամակներէն եւ Աւետարանէն ընթերցուածներ: Աստուծոյ խօսքին` Աւետարանի ընթերցումէն առաջ, երկու ընթերցուածներուն իմաստը այն է, որ մարգարէներ, նախքան Քրիստոս, Փրկիչի գալստեան  պատգամը կանխապէս յայտնեցին մարդոց, իսկ առաքեալներ Փրկիչին գալուստէն ետք ապրեցան, տեսան ու իրենց գրութիւններով վկայեցին Փրկիչին մասին:

Փրկիչին գալուստին նպատակն էր Աստուծոյ ստեղծագործութեան պսակը հանդիսացող  գեղեցիկ բնութեամբ եւ վայելչութեամբ զարդարուած,  բայց մեղանչական կեանքով Աստուծմէ հեռացած մարդը նորոգել:  Ոչ միայն արարչագործ Աստուած, Իր աստուածային սէրէն բխելով, ծրագրած էր նորոգել մարդը, այլեւ նոյնինքն մարդը նորոգութեան խիստ կարիքը ունէր: Անոր համար ալ նորը, մարդուն հոգեբանութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է: Ամէն ինչ որ նոր է, գրաւիչ է, ցանկալի է, որովհետեւ նորին մէջ արժէքի, որակի վերահաստատում կայ: Հետեւաբար, նորի գաղափարով ալ Փրկիչի գալուստը կ՛ենթադրէր նաեւ մարդուն մէջ արժէքի եւ որակի վերահաստատում: Այդ նորոգութեան միջոցը եւ միջնորդը եղաւ Քրիստոս` Փրկիչը, որուն գալուստը անգամ մը եւս կը տօնենք ցնծութեամբ: Ահա անոր համար ալ, Պօղոս առաքեալ`  վկայողը Քրիստոսի փրկչական առաքելութեան մասին, իր հաստատած եկեղեցիներուն, իմա` հաւատացեալներուն կը հաղորդէ, որ Քրիստոսի միանալ, քրիստոնեայ ըլլալ, կը նշանակէ նորոգուած անձ ըլլալ, ամբողջապէս նորոգուած:

Պօղոս առաքեալի ակնարկած Քրիստոսի միանալը կ՛ըլլայ մեր կեանքը Աւետարանի սկզբունքներուն համաձայն ապրելով. ոչ միայն լսելով ու իմանալով, այլեւ` ապրելով, որ անշուշտ նախապայմանն է ամբողջապէս նորոգուած ըլլալու:

Քրիստոսի միացած ըլլալը նորոգուած կեանքով մարդը կ՛առաջնորդէ երկնի եւ երկրի արարիչ, աղբիւր կեանքի եւ ամէն ինչի` Աստուծոյ: Եւ երբ Մարդը կը ճանչնայ զԱստուած, կը դադրի ինքզինք Աստուած տեսնելէ, կամ առնուազն`  իրմէ զատ եւ իրմէ վեր  ոչ ոք տեսնելէ:

Ասոր համար ալ, Ս. Ծննդեան գիշերին հրեշտակներուն աւետիսը` «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փառք, խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն», ցարդ կը մնայ անիրականացած մաղթանք, որովհետեւ մարդը ինքնիրմէ զատ մէկը չի տեսներ, որուն փառք տայ, եւ ոչ ալ ուրիշին հանդուրժելով երկրի վրայ խաղաղութիւն կը տիրէ, եւ բնականաբար մարդոց միջեւ հաճութիւնը ցարդ ցնորք է:

Ամէն տարի, Ս. Ծննդեան առիթով մտերմիկ թէ պաշտօնական ձեւով բարեմաղթութիւններ կը փոխանցենք կամ կը կատարենք իրարու, աշխարհին ու կը մաղթենք, որ Ս. Ծննդեան աւետիսը  լսելի դառնայ անոնց, մանաւանդ աշխարհի ղեկավարներուն. կը հաստատենք, որ աշխարհ այսօր աւելի քան երբեք խաղաղութեան կարիքը ունի եւ Ս. Ծննդեան տօնը աստուածային սիրով ու խաղաղութեամբ լիցքաւորուելու լաւագոյն առիթն է, եւ  թէ երանի աշխարհի ղեկավարները ականջալուր ըլլային Ս. Ծննդեան սիրոյ եւ խաղաղութեան աւետիսին:  Ու ամէն տարի նոյն բարեմաղթութիւնները  տարբեր ձեւերով ու բառերով քանի հազարերորդ անգամն ըլլալով կը կրկնենք ու կը կրկնենք, այնքան մը, որ ալ կը զգանք, թէ Ս. Ծննդեան առիթով աշխարհի խաղաղութեան, մարդոց միջեւ հաճութեան մաղթանքներ ընելը «ձայն բարբառոյ յանապատի» է, երբ ամէն ինչ կը մնայ նոյնը, ու մարդը կը շարունակէ ըլլալ նոյնը: Որովհետեւ, հաւանաբար եթէ ոչ վստահաբար, Ս. Ծննդեան աւետիսը, որ Աստուծոյ նախաձեռնութիւն է եւ միջոցը մարդուն կեանքը նորոգելու, մեզմէ անդին միշտ ուրիշին մօտ տեղ գտնելու մաղթանքը եւ ակնկալութիւնը ունինք:

Եթէ պիտի նորոգուինք, որուն այդքան հրամայական կարիքը ունինք, պէտք է որ մենք եւ մեր կեանքերը դարձնենք Բեթղեհէմի մսուրը, ուր պիտի ծնի ու յայտնուի Փրկիչը` Քրիստոս: Եւ անգամ մը, որ Քրիստոս յայտնուի մեր կեանքին մէջ, կը դադրինք հին մարդը ըլլալէ եւ ամբողջապէս վերանորոգուած կ՛ըլլանք, եւ իբրեւ վերանորոգուած մարդ նաեւ կը ճանչնանք մեր Արարիչը, եւ Արարիչը ճանչնալով կը դառնանք մենք մեզի, ճանչնալու մենք զմեզ, ճանչնալու մեր սահմանները եւ չափը: Աստուծոյ ճանաչողութեամբ մենք մեր անձերը ճանչնալը ինքնաբերաբար կ՛ենթադրէ նաեւ ուրիշները նկատի առնելը, ճանչնալը, ընդունիլը, սիրելը, յարգելը, որ վերջ պիտի տայ մարդոց եսակեդրոն, եսապաշտ մտածելակերպին: Աստուած ճանչնալու նախապայմանը քեզմէ զատ ուրիշներն ալ ճանչնալն ու ընդունիլն է, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ ընդհանրական  առաջին նամակին մէջ կ՛ըսէ` «Այն մարդը, որ կ՛ըսէ` «Ես կը սիրեմ զԱստուած», բայց իր եղբայրը կ՛ատէ, ստախօս մըն է: Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը, որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած, որ չի տեսներ: Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.- Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ:» (Ա. Յովհաննէսի 5:20-21):

Վերադառնալով Պօղոս առաքեալի ակնարկած` Քրիստոսի միացած ըլլալով վերանորոգուած, ամբողջապէս վերանորոգուած ըլլալու իրականութեան, որ նաեւ երաշխիքը կը հանդիսանայ երկրի վրայ տիրող այն տենչալի կացութեան, ուր ամէնուր փառաբանութիւններ եւ օրհներգութիւններ լսուին բարձունքներու մէջ բնակող Աստուծոյ, աշխարհի վրայ եղբայրասիրութիւն, մարդասիրութիւն եւ բնականաբար ապրուած խաղաղութիւն  տիրէ, եւ մարդիկ իրարու հետ հաճութեամբ եւ ուրախութեամբ  գոյակցին, այս բոլորը Ֆիլմաշարի նման ժապաւէնը դէպի ետ դարձնելով կը տեսնենք, որ աշխարհը այս գեղեցիկ վիճակին մէջ է, որովհետեւ մարդը վերանորոգուած եւ արարչական սկզբնական պատկերին համաձայն կ՛ապրի, որովհետեւ Քրիստոսի միացած է, որովհետեւ Քրիստոս Փրկիչը` Աստուած յայտնուեցաւ աշխարհին,  որովհետեւ երկինքի հրեշտակաց դասերը մարդոց աւետեցին`

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

Ալլէլուիա

ԳԵՂԱՄ  ԱՐՔ.  ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

5 յունուար, 2012

 

 

Նախորդը

ՍՈՎՈՐԱԿԱՆԻՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ. ԴԱՌՆԱՆՔ ՃՇՄԱՐԻ՜Տ ԼՈՅՍԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.