Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արարատ – Մոսկուա հեռացուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի արհեստավարժ լիկայէն (Բ. դասակարգ):
Այս որոշումը տրուեցաւ կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէին նիստին:
Ռուսական մամուլը յայտնեց որ ատիկա հետեւանք էր ակումբին մարզիկներուն եւ մարզիչներուն քանի մը ամիս աշխատավարձ չգանձելուն:
Բ. դասակարգի կեդրոնական գօտիի դասաւորման մէջ Արարատ – Մոսկուա 23 կէտով կը գրաւէր 8-րդ դիրքը:



